Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութիւն Մը Գոյացնելու

November 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ կէսօրէ ետք Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Նահատակի օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը:

Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Նախընտրելի է, որ քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայ գտնուին օրէնսդրական նիստին, որովհետեւ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապին ընդմէջէն կը նկատենք, որ կայ բաց մը, որուն շնորհիւ բոլոր հարցերը կը մնան անլոյծ»:

Աղբի տագնապին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ իմաստով Լիբանանի կառավարութիւնը, պետութիւնը,  քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւններն ու ժողովուրդը` բոլորը ձախողած են անոր լուծում մը գտնել:

«Հետեւաբար կը հաստատենք, որ երկրին հարցերը առանձին-առանձին լուծելու ձեւը ապարդիւն է, եւ կոչ կ՛ուղղեմ ազգային ընդարձակ համաձայնութիւն մը գոյացնելու», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը հիմքն է երկրին պետութեան կառուցման եղանակին. անիկա կը նշանակէ, թէ երկիրը, արիւնը, հողը, գոյութիւնը, ապագան, գերիշխանութիւնը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը որո՛ւն կը յանձնուի: «Այս կարեւորութենէն մեկնելով, մենք կ՛ընդգծենք այդ մասին լուրջ խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով կը յայտնենք մեր պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ պէտք չէ սպասել, որ այս կամ այն պետութիւնը լիբանանցի պատասխանատուները զետեղէ օդանաւի մը մէջ եւ զանոնք փոխադրէ վայր մը` համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:

«Պէտք է վերջ տալ ժամանակ շահելու ու  խուսափելու քաղաքականութեան եւ կիրարկուող ներքին սպառումին, ինչպէս նաեւ սահման մը դնել արտաքին ուժերուն վստահելու քաղաքականութեան, որովհետեւ արտաքին աշխարհը չէ շահագրգռուած Լիբանանով», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

 

Նախորդը

«Մայատին» Պատկերասփիւռի Կայանին Սփռումին Հարցը «Արապսաթ»-ի Հետ Է Եւ Ոչ Թէ Լիբանանեան Պետութեան

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ Լիբանանեան Պետութեան Յանձնեց Իր Գործակալ-Պաշտօնեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.