Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Առաջարկած Է Սուրիոյ Մէջ Ընտրութիւնները Կատարել Մէկուկէս Տարի Ետք

November 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Syrian-Elections_111115

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ըստ այն փաստաթուղթին, որ ՄԱԿ-ի մէջ տարածուած է Սուրիոյ տագնապին շուրջ 14 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն նախօրեակին, Ռուսիան կ’առաջարկէ Սուրիոյ մէջ 18 ամսուան փոխանցման շրջան սահմանել, որմէ ետք այնտեղ կարելի պիտի ըլլայ կատարել նախագահական ընտրութիւններ:

Առաջարկներու ցանկէն չի հասկցուիր, թէ Մոսկուան արդեօք կ’ուզէ՞ Պաշշար Ասատը նախագահ տեսնել այդ մէկուկէս տարուան ընթացքին: Այնտեղ նաեւ ենթադրութիւններ չեն կատարուիր այն մասին, թէ արդեօք կ’արժէ՞ անոր թեկնածութիւնը առաջադրել կանխահաս ընտրութիւններուն ընթացքին:

Քրեմլին նաեւ սուրիական ընդդիմութեան կ’առաջարկէ միասնական ճակատով ներկայանալ իբրեւ բանակցային հոլովոյթին կողմերէն մէկը:

Ինչպէս նախապէս նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, 14 նոյեմբերի հանդիպումին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է որոշել, թէ սուրիական ընդդիմութեան ո՛ր ներկայացուցիչները պէտք է բանակցային հոլովոյթին մէջ գործընկեր նկատել:

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած նախորդ բանակցութիւններուն մասնակցած էին 19 պատուիրակութիւններ, ներառեալ` Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Յորդանանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Իտալիայէն, Բրիտանիայէն, Իրաքէն եւ Լիբանանէն:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Թուած Է Թուրքիոյ Առաջնահերթութիւնները

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Զարիֆ Կարեւոր Կը Նկատեն ՄԱԿ-ի Հովանիի Տակ Սուրիոյ Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Երկխօսութիւնը

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.