Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանիի Ֆրանսա Այցելութեան Ընթացքին. Փարիզ Եւ Թեհրան Պիտի Ստորագրեն Շարք Մը Կարեւոր Համաձայնագիրներ

November 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի
Հասան Ռուհանի

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Էլիզէ պալատի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի 17 նոյեմբերին նախատեսուած Ֆրանսա այցելութեան ընթացքին Փարիզ եւ Թեհրան մտադիր են տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան շարք մը կարեւոր համաձայնագիրներ ստորագրել:

«Ֆրանսայի նախագահը 17 նոյեմբերին պիտի ընդունի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին… Ֆրանսայի եւ Իրանի նախարարներու կողմէ պիտի ստորագրուին բազմաթիւ համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերին տարբեր մարզերու, մասնաւորաբար, քաղաքական երկխօսութեան, տնտեսական համագործակցութեան, օդային փոխադրութեան, առողջապահութեան եւ գիւղատնտեսութեան», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի վարչակազմը:

Մինչ այդ, Ռուհանի 14 նոյեմբերին պիտի այցելէ Իտալիա եւ հանդիպում պիտի ունենայ այդ երկրի վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի հետ: ԱՆՍԱ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահը Իտալիա պիտի գտնուի 14 եւ 15 նոյեմբերին: Իտալիան պիտի դառնայ եւրոպական առաջին երկիրը, ուր պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Ռուհանի: Ինչպէս կը սպասուի, իր ուղեւորութեան ընթացքին ան նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի եւ Ֆրանչիսկոս պապի հետ:

Յիշեցնենք, որ Իրանն ու Վեցեակը 14 յուլիսի գիշերը պատմական համաձայնութիւն գոյացուցած էին իրանեան բազմամեայ հիւլէական հիմնախնդիրի լուծման շուրջ: Երկարատեւ բանակցութիւնները աւարտած էին գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի որդեգրումով, որուն գործադրութիւնը ամբողջովին պիտի վերցնէ նախապէս ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած տնտեսական ու ելեւմտական պատժամիջոցները:

 

Նախորդը

Ռուսական Զինուորական Գործողութեան Սկսելէն Ետք Իրենց Տուները Վերադարձած Են Աւելի Քան 1 Միլիոն Սուրիացիներ

Յաջորդը

Էրտողան Թուած Է Թուրքիոյ Առաջնահերթութիւնները

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.