Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ. ԼԻՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԻՐ ՆՍՏԱՎԱՅՐԸ ՓՈԽԱԴՐԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻ

August 27, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիպիացի ըմբոստ մը` Թրիփոլիի փողոցներէն մէկուն մէջ

Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր նստավայրը Պենկազիէն Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի կը փոխադրէ: Ըմբոստները վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Թրիփոլիի տարբեր բաժիններուն մեծամասնութիւնը իրենց վերահսկողութեան տակ առին:

Ազգային փոխանցման խորհուրդի փոխնախագահ Ալի Թահունի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ խորհուրդը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ Թրիփոլիի մէջ `աւելցնելով. «Կեցցէ՛ ժողովրդավարական եւ սահմանադրական Լիպիան, եւ փա՛ռք մեր նահատակներուն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ «Լիպիոյ մէջ կացութիւնը դեռ խորհրդաւոր է, սակայն յստակ է, որ Քազզաֆիի ժամանակաշրջանը իր աւարտին եզրին կը գտնուի եւ Լիպիոյ մէջ դուռը կը բացուի նոր ժամանակաշրջանի մը առջեւ` ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ժամանակաշրջանին առջեւ»: Ան Մոամմար Քազզաֆիի, անոր ընտանիքին եւ համակիրներուն կոչ ուղղեց` յանուն լիպիացի ժողովուրդին եւ Լիպիոյ ապագային վերջ տալու բռնարարքներուն:

Քլինթըն ընդգծեց, որ «պիտի հսկենք լիպիացիներուն, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ Լիպիա իր պարտաւորութիւններուն եւ խոստումներուն տէր կը կանգնի, անոր զինամթերքի պահեստանոցները անոր դրացիները չեն վտանգեր, վատ ձեռքերու մէջ չ՛իյնար եւ ծայրայեղականներուն կողմէ բռնարարքներու նկատմամբ խիստ կը գտնուի»: Ան նշեց, որ «յառաջիկայ օրերն ու շաբաթները կը խոստանան վճռական ըլլալ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «չի կրնար ըլլալ, որ վրէժխնդրութիւնն ու վրէժխնդրական յարձակումները նոր Լիպիոյ մէջ տեղ ունենան»` աւելցնելով, որ «Լիպիոյ ապագան խաղաղ պիտի չըլլայ, եթէ պատասխանատուներն ու ժողովուրդը խաղաղութեան ոգիին ձեռք չերկարեն»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած յայտարարութիւնը ի յայտ բերաւ Քազզաֆիի հետապնդման աշխատանքին ՕԹԱՆ-ի մասնակցութեան հարցին նկատմամբ Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի միջեւ տարակարծութիւն մը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ յայտնեց, որ «ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ ՕԹԱՆ կը մասնակցին այդ հետապնդումին»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուիլիըմ Ֆոքս յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ Քազզաֆին գտնելու լիպիական ըմբոստներու ջանքերուն կ՛օժանդակէ, որուն զուգահեռ կը ջանայ ձախողութեան մատնել Քազզաֆիի ընտանիքին կամ անոր այլ համակիրներուն կողմէ հակայարձակում մը:

Նշենք, որ Քազզաֆի հինգշաբթի օր ձայնագրուած կարճ ուղերձի մը մէջ Լիպիոյ բոլոր ցեղախումբերուն կոչ ուղղած էր մայրաքաղաքէն վտարելու «երկրին մէջ օտարներուն գործակալները» եւ «մայրաքաղաքը մաքրագործելու ընդդիմութենէն»:

 

Նախորդը

«ԻՐԵՆ» ՔԱՐԱՅԻՊԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ 3 ԶՈՀ ՊԱՏՃԱՌԵՑ. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՇԷՅԽ ՀԱՄԱՏ. «ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԻՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏՈՒԵՑԱՒ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.