
7 նոյեմբերին Ամսթերտամի Ազատ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով` «Չճանչցուած երկիրներ. ո՞րն է լուծումը» նիւթով:
Գիտաժողովը կազմակերպած էր ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը: Դասախօսելու համար հրաւիրուած էին համալսարաններու դասախօսներ, Հոլանտայի խորհրդարանի անդամ Հարի Վան Պոմել եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան:
Նախօրէին Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը մեծ հակաքարոզչութիւն ծաւալած էր գիտաժողովին դէմ եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին սպառնալից բողոքներ ուղարկած էր հոլանտացի երեսփոխանին մասնակցութիւնը խոչընդոտելու համար: Այս քայլը հակառակ արդիւնքը ունեցաւ Ազրպէյճանի համար եւ գիտաժողովը մեծ ճանաչում ստացաւ այս աննախադէպ գործողութեան պատճառով: Խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանի դեսպանին գործողութիւնները` զանոնք որակելով իբրեւ խօսքի ազատութեան բռնութիւններու արտահանման փորձ:
Հարիւր հոգի ընդգրկող սրահը լեցուն էր եւ հետաքրքրուողները եկած էին երկրին բոլոր կողմերէն:
Ելոյթներու շարքին բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Գէորգ Կարապետեան: Ան խօսեցաւ Ազրպէյճանի վերջին շրջանի սանձարձակ գործողութիւններուն մասին եւ հանրութեան բոլոր օղակներու պարտականութեան մասին` իրավիճակին վրայ ազդելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Յաջորդ ելոյթ ունեցողը համալսարանի ժողովրդագրութեան բաժանմունքի դասախօս Քոմփանիենն էր, որ արցախեան տագնապի գիտական վերլուծութիւնը կատարեց եւ խօսեցաւ Կովկասի հարաւը տիրող աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մասին: Հարի Վան Պոմել երրորդ դասախօսն էր, որ նախ եւ առաջ պատմեց իր տպաւորութիւններուն մասին` Արցախ կատարած իր այցելութեան վերաբերեալ: Ականատեսի աչալուրջ աչքով ան կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին ուսումնասիրած էր Արցախը եւ ուրոյն պատկեր ներկայացուց: Խնդիրը չափազանց բարդ նկատելով` ան համոզում յայտնեց, որ բաւարար ջանքերու եւ կամքի շնորհիւ կարելի է գտնել դէպի կայուն խաղաղութիւն տանող ճամբան:
Արմէն Սարգսեան ներկայացուց «վերջին իրավիճակը Արցախի մէջ». անոր կարծիքով` ամէնէն կարճ ճամբան Արցախի տագնապի լուծման համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումն է:
Բոլոր ելոյթ ունեցողներուն հարցումներ ուղղուեցան: Երեկոն եզրափակեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն, յատկապէս Հարի Վան Պոմելին` Արցախ կատարած այցելութեան համար, ան նշեց, որ բոլոր մակարդակներով պէտք է լուծումներ գտնելու փորձեր կատարուին: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ ազրպէյճանական սփիւռքի որեւէ ներկայացուցիչ չմասնակցեցաւ այս գիտաժողովին` բաց ձգելով լաւագոյն առիթը երկխօսութեան սկսելու:


