Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէ Կը Հիւրընկալէ Քանաանը Եւ Ատուանը` Ընդգծելով, Որ Օրէնսդրական Նիստը Կը Մնայ Անփոփոխ

November 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քանաան, Ատուան եւ Պըրրի
Քանաան, Ատուան եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան գումարուելիք անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստին վերաբերող հարցեր:

Նիստէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կոչ կ՛ուղղէ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն ստանձնելու օրէնսդրական իրենց պարտականութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան:

Խալիլ շեշտեց, որ Պըրրիի հրաւիրած օրէնսդրական նիստը անպայման պիտի գումարուի, որովհետեւ անիկա Թաէֆի համաձայնագիրին գոյութեան պայծառ փաստն է եւ ոչ հակառակը:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Պըրրի Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ` քննարկելու համար օրէնսդրական նիստին քննարկուելիք օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Պըրրի-Ատուան-Քանաան հանդիպումին միացաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ օրինականութիւնը բոլոր ժամանակներուն համար է` աւելցնելով, որ պէտք է յարգել զայն, որպէսզի անոր չգոյութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը չունենայ երկրին համակեցութեան վրայ:

Քանաան նշեց, որ Պըրրի միշտ յարգած է օրինականութիւնը` աւելցնելով, որ արտակարգ պայմաններու ընթացքին անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւն կը կատարուի, պայմանաւ որ այդ նիստին քննարկելիք օրակարգին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:

«Անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան մաս կը կազմեն բոլոր առաջնահերթութիւնները, որոնց մէջ կ՛իյնայ ելեւմտական թղթածրարը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան վերաբերող առաջնահերթութիւններ, ինչպէս` ընտրական օրինագիծը եւ իշխանութեան գերագոյն շահերը, այսինքն` ազգային ինքնութիւնը եւ քաղաքապետարաններուն նիւթական իրաւունքները:

«Այս հանդիպումին արդիւնքներէն տեղեակ պիտի պահենք ղեկավարութիւններն ու մեր գործընկերները», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով, որ օրէնսդրական նիստին մասնակցելու իմաստով տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած:

Իր կարգին, Ատուան յայտնեց, որ կայ վտանգ մը, որ կը սպառնայ օրինականութեան եւ համագործակցութեան` ընտրական նոր օրինագիծ մը չվաւերացնելու պատճառով:

Ան նշեց, որ պետութեան բարեկարգումին հիմնական մուտքը պիտի նկատուի ընտրական օրէնքին վաւերացումը` նկատել տալով միաժամանակ, որ այս իմաստով իրենց առաջարկը բոլորին շահերուն կը ծառայէ:

«Մենք այսօր հոս կը գտնուինք, որովհետեւ բոլորը գիտեն, թէ հիմնական երկու վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուինք. առաջինը` ելեւմտական-դրամատնային վտանգ, իսկ երկրորդը` օրինականութեան եւ համակեցութեան սպառնացող վտանգ», ըսաւ ան:

Ատուան աւելցուց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ դրամական վտանգը սպառնայ երկրին, իսկ յարմար ատենին անհրաժեշտ բոլոր օրէնսդրութիւնները պիտի կատարեն:

Խորհրդարանին Մէջ

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն երեսփոխաններուն միջեւ երէկ կատարուեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հինգշաբթի, 12 եւ ուրբաթ 13 նոյեմբերին գումարուելիք օրէնսդրական նիստին մանրամասնութիւնները:

Այս նիստին իր մասնակցութիւնը բերած երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ կատարուած խորհրդակցական հանդիպումը լուրջ եղած է` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին կը սպասեն քաղաքացիութեան օրինագիծին մասին կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն, որոնք պիտի շարունակուին այսօր:

 

Նախորդը

«Նախագահական Աթոռին Թափուր Մնալուն Ընթացքին Օրէնսդրական Աշխատանքը Հակասահմանադրական Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Յաջորդը

«Նախագահական Ընտրութիւնը Մօտալուտ Չէ, Իսկ Օրինակելի Լուծումը Ընտրական Նոր Օրէնքի Վաւերացումն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.