
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալած է Զիատ Խալետ Ռիֆային, որ ուղղակիօրէն կապի մէջ է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պատասխանատու Նեպիլ Սքաֆի (ծանօթ` իբրեւ Մոհամետ Օմար Իյալի եւ Ապու Պարաա) հետ ան պատասխանատու է Լիբանանի մէջ ահաբեկչական շարժումներու անդամներուն զինուորագրումին:
Ռիֆայի ուղղակի կապի մէջ եղած է նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան այլ պատասխանատու Խալետ Զաքի Մանսուրի (ծանօթ` իբրեւ Ապու Տարտա), ինչպէս նաեւ Ահմետ Միքաթիի, Իպրահիմ Պարաքաթի (ծանօթ` իբրեւ Ապու Այուպ Իրաքի) եւ ուրիշներու հետ:
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան, Ռիֆայիի հետ կատարուած հարցաքննութեան իբրեւ հետեւանք բացայայտուած է, թէ ան մասնակցած է Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն, ինչպէս նաեւ բանակին դէմ յարձակումներուն: Ան Իպրահիմ Պարաքաթի եւ Մոհամետ Թարեք Խայեաթի հետ ծրագրած է Թրիփոլիի շուկաներուն մէջ ապահովական խարիսխ մը հիմնել, ինչպէս նաեւ Տըննիէի եւ Թրիփոլիի մէջ հիմնել ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող էմիրութիւն մը, որուն իշխանութիւնը պիտի հասնէր մինչեւ Աքքար` սկսեալ Պիրէ եւ Խըրպեթ Տաուտ շրջաններէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռիֆայիի խոստովանութիւններուն շրջագիծին մէջ ձերբակալուած են նաեւ այլ կասկածելիներ:


