Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Կը Հիւրընկալէ «Միշել Շիհա. Քաղաքագէտը» Կլոր Սեղանը

November 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7524_858925_692608_large

Գործակցութեամբ «Միշել Շիհա հիմնարկ»-ին, «Լէ Ռանքոնթր քիւլթիւրել»-ի նախաձեռնութեամբ, հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միշել Շիհա. քաղաքագէտը» խորագիրով  կլոր սեղանը, զոր վարեց Քամիլ Մնասսա:

Կլոր սեղանին մասնակիցներն էին Շարլ Ռիզք, Սամիր Ֆրանժիէ, Ապտել Համիտ Ահտապ եւ ԺորԺ Տորլեան:

Կլոր սեղանին բացումը կատարեց Քամիլ Մնասսա: Ան նախ բացայայտեց վայրի ընտրութեան շարժառիթները` Միշել Շիհայի հիացումը հայութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ սերտ յարաբերութիւնները Շիհայի եւ Ժոզեֆ Ուղուրլեանի միջեւ, որուն նախաձեռնութեամբ Շիհայի մահէն ետք հիմնուեցաւ «Միշել Շիհա հիմնարկ»-ը: Ապա Քամիլ Մնասսա հակիրճ ձեւով ծանօթացուց Միշել Շիհան` իբրեւ փիլիսոփայ, բանաստեղծ, պատմաբան եւ լրագրող:

Իր խօսքին աւարտին Մնասսա խօսքը տուաւ Շարլ Ռիզքին, որ իր դասախօսութեան իբրեւ բնաբան ընտրած էր հետեւեալը. «Լիբանանը` երէկ գաղափար, այսօր դատ»: Ռիզք հետեւեալ ձեւով պարզեց Լիբանանի դաւանանքներուն կազմած խճանկարը. Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին դաւանական երեք զանգուածներ` սիւննիները, որոնք կը ներկայացնեն բնակչութեան 33 առ հարիւրը, շիիները, որոնք նոյնպէս կը ներկայացնեն բնակչութեան 33 առ հարիւրը, եւ քրիստոնեաները, որոնք բաժնուած են երկուքի, որոնցմէ մէկը հակամէտ է սիւննի դաւանանքին, իսկ միւսը` շիի դաւանանքին: Հետեւաբար, շարունակեց Ռիզք, ստացուող պատկերը շատ բարդ է եւ որեւէ քաղաքական որոշում կամ փոփոխութիւն կը ստանայ շատ աւելի ընդարձակ ծաւալ` դուրս գալով քաղաքական դաշտէն եւ ստեղծելով դաւանական շատ աւելի բարդ հարցեր: Շարլ Ռիզք եզրակացուց, որ Լիբանանի ապագան կառուցելու միջոցներ կարելի է գտնել Շիհայի գաղափարներուն ընդմէջէն:

Շարլ Ռիզքէն ետք խօսք առաւ Սամիր Ֆրանժիէ, որ հաստատեց, որ Լիբանանը յատկանշական է իր ներքին տարբերութիւններով եւ այլազանութեամբ: Լիբանանը կը գտնուի արեւելքի մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ սերտ յարաբերութիւններ պահած է արեւմուտքին հետ: Ըստ Ֆրանժիէի, մէկ անձնաւորութիւն յաջողեցաւ այս երկու ճակատները հաշտեցնել` Միշել Շիհան: «Լիբանանը միակ երկիրն է, ուր քրիստոնեայ եւ իսլամ, սիւննի եւ շիի միասնաբար ստանձնած են պետութեան մը կառավարումը», հետեւաբար, շարունակեց Սամիր Ֆրանժիէ, դաւանանքներու բազմաթիւ ըլլալն է, որ լիբանանցիները ընտելացուցած է հանդուրժողականութեան գաղափարին, որովհետեւ Լիբանանը կարելի չէ նոյնացնել որեւէ դաւանանքի. Լիբանանը ունի գոյութեան իւրայատուկ եղանակ մը, որ կը թարգմանուի «միասնաբար ապրիլ» եզրով եւ որ կը տարբերի համակեցութենէն:

Քամիլ Մնասսա խօսքը փոխանցեց Ապտել Համիտ Ահտապին, որ ներկայացուց «լիբանանեան իսլամ» հասկացողութիւնը, որ հեռու է բոլոր ծայրայեղութիւններէն: Ան կատարեց հետեւեալ հարցադրումը. «քաղաքական իսլամը կրնա՞յ փոխուիլ»: Գերմանացի ժողովուրդին օրինակը տալով ան հաստատեց, որ այո՛: Այսօր քաղաքական իսլամին պէտք է խօսք ուղղել` հիմնուելով Շիհայի գաղափարներուն վրայ` տրուած ըլլալով, որ Լիբանան ազատութեան մարմնացումն էր եւ որ անոր կը հաւատար ինչպէս կրօնի մը: Ահտապ փափաք յայտնեց, որ այս կլոր սեղանը արաբերէնով կրկնուի ուր որ կան իսլամ անհատներ, որոնք պատրաստ են ընկալելու Շիհայի գաղափարները:

Վերջապէս, Քամիլ Մնասսա խօսքը յանձնեց Ժորժ Տորլեանին, որ բացատրեց, թէ լիբանանցին չի կրնար երկիրը աւելի կայուն տեսնել` անոր աշխարհագրական դիրքին եւ քաղաքական ազդակներու պատճառով: Ան Լիբանանը համեմատեց Միջերկրական ծովուն. ալիքներու սաստիկ ելեւէջները յաղթահարելու համար, նաւավարը պէտք է ըլլայ այնքան ճարպիկ եւ ճարտար, որպէսզի կարենայ ստեղծել «յարաբերական կայունութիւն» մը: Ժորժ Տորլեան խօսքը փակեց ըսելով, որ «Լիբանանը հասկնալու համար պէտք է վերադառնանք Շիհայի գաղափարներուն: Ըլլանք անոնց համամիտ կամ ոչ, անոնք անշրջանցելի են Լիբանանի պատմութիւնը կրկին գրելու համար»:

Կլոր սեղանին աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու կլոր սեղանին մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ նիւթին առնչուող նկատողութիւններ ընելու:

Նախորդը

Հայաստանը Թուրքիայի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Քննադատութեան Ընդունակ Ըլլալու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.