Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակե՛նք Կամաւոր Ծառայութեան Մեր Երթը

November 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Hom_102715

4 հոկտեմբեր 2015-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի «Տապլ Թրի-Հիլթըն» պանդոկին մէջ եռուզեռ մը կար:

Սովորական եռուզեռ մը չէր անիկա, այլ` պատմական հանդիպում մը:

Այո՛, պատմական հանդիպում մը: Այդ պանդոկը իր յարկերուն ներքեւ կը համախմբէր Հայ օգնութեան միութեան կամաւոր բանակի փաղանգին մէկ մասնիկը:

1910-ին Միացեալ Նահանգների Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հիմնուած Հայ օգնութեան խաչը (ներկայիս` ՀՕՄ) իր հիմնադրութենէն քանի մը տարիներ յետոյ, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, հայութեան ապագան երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան հրամայականէն մեկնելով` կամաւոր աշխատանքի ոգիով իր լայն թեւերը բացաւ եւ հովանիին տակ համախմբեց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած ծնողազուրկ հայ մանուկները եւ մայրական գուրգուրանք ցուցաբերեց  հայազգի բոլոր  կարիքաւոր զաւակներուն: Այդպիսով, արհաւիրքի տարիներուն, հոն ուր հարկ էր, հիմը դրուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան միաւորներուն: Մայրական անսպառ շունչով, օրինակելի կեցուածքով, ծառայութեան անշահախնդիր նուիրումով հայուհիներ ծրագրեցին ու կազմակերպեցին մեծ նախաձեռնութիւններ, որոնք կարելի եղան իրագործել շնորհիւ հաւատարիմ բարերարներու թէ նուիրատուներու նեցուկին:

«Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» կարգախօսը հայազգի զաւակներուն համագործակցութեան եւ իրարու հանդէպ ունեցած վստահութեան լաւագոյն ապացոյցը դարձաւ: Ազգին ծառայելու, անոր բարօրութեան ի խնդիր ծառայող ՀՕՄ-ուհիներուն եւ բարերարներուն անբացատրելի ճիգերուն արդիւնքը  պիտի գնահատուէր  ՀՕՄ-ի 71-րդ Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին:

ՀՕՄ-ուհիներ, աշխարհի չորս ծագերէն, հոն, ուր Հայ օգնութեան միութիւնը կը գործէ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Յունաստան, Սուրիա, Լիբանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Կիպրոս, Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Քուէյթ, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Մեծն Բրիտանիա, Զուիցերիա, Գերմանիա, Պելճիքա եւ Շուէտ, մեծ խանդավառութեամբ համախմբուած էին`  ներկայ գտնուելու մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայանալիք ժողովին:

12118761_891298894240120_4206207900058086146_n

Հայրենի հողին վրայ գումարուող ժողովը  աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներուն ընձեռեց իրարու մօտ ըլլալու, իրարմով ոգեւորուելու եւ մանաւանդ հայրենիքի մէջ ծրագրելու յառաջիկայ տարիներու գործունէութիւնները: Կնոջական այս  կազմակերպութեան հանդէպ վստահութեան եւ գործունէութեան ծաւալման զօրակցութեան ապացոյցը կը կայանար Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ներկայութեան  ու ՀՕՄ-ի հետ համաձայնագրի ստորագրութեան ողջունելի եւ իւրայատուկ քայլին մէջ:

Կամաւոր ծառայութեան 105 տարիները թեւակոխած Հայ օգնութեան միութեան գերագոյն ժողովը  քննեց անցնող քանի մը տարիներուն իրագործումները` ՀՕՄ-ի որբախնամ,  որբերու ուսման, կրթաթոշակի ֆոնտ, ամանոր, լաւագոյն ուսանող, «Սօսէ» մանկապարտէզներ, պատանիներու փոխանակում,  հիմնադրամ, նաւապտոյտ, ՄԱԿ-ի անդամակցութիւն, Մօր ու մանկան կեդրոն, սուրիահայութիւն, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ծրագիրները, հայրենիքի թէ սփիւռքահայութեան դիմագրաւած ճգնաժամային ընկերային, տնտեսական կացութիւնները եւ հայուհիի խիզախ կամքով կատարեց առաջարկներ ու յառաջացուց որոշումներ:

Բնականաբար տարբեր միջավայրերէ եկած ըլլալով`  ակնյայտ էր ՀՕՄ-ուհիներու մտածելակերպի զանազանութիւնը, սակայն անհերքելի էր այն իրողութիւնը, որ բոլորն ալ ունէին հայրենաբաղձ հոգի, հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ անսահման հաւատք,  հայուհիի անկոտրում կամք, պայքարելու ոգի եւ կարեւորագոյնը` ազգին ծառայելու կամաւոր պատրաստակամութիւն:

Կամաւոր ծառայութեան գիտակցութիւնը կ’արտացոլար փորձառու թէ երիտասարդ, աւանդապահ թէ արհեստավարժ ժողովականներուն մօտ անխտի՛ր:

9 հոկտեմբեր 2015-ին ՀՕՄ-ի 71-րդ Պատգամաւորական ժողովը  աւարտեցաւ: Գերագոյն ժողովը նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ուսերուն պարտք դրաւ  իրագործել առաջնահերթ եւ ընթացիկ ծրագիրներ:

Երթը շարունակելու, նորանոր գաղափարներ ընդունելու, շարքերը երիտասարդացնելու, աշխարհի վրայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակներէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու ձգտումը մեծ յանձնառութիւններու տակ կը դնէր կնոջական այս կազմակերպութիւնը:

105 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան հայդուկային կռիւներուն վիրաւորուած ֆիտայիներուն, 1915-ի Մեծ եղեռնէն փրկուած հայորդիներուն, արցախեան պայքարի նահատակներու ընտանիքներուն զօրակից կիներու այս փաղանգը ճշմարիտ օրինակն էր անձնուէր հայ կնոջ, մօր, դաստիարակին, բուժքոյրին: Առանց անոր` կարելի պիտի չըլլար հայապահպանման սրբազան առաքելութիւն կատարելը, ապագայի նուաճումներ կազմակերպելը եւ յատկապէս` հայեացքները դէպի հայրենիք ուղղելը:

Նման փաղանգ մը ունենալը հպարտանք է ազգին, իսկ նման փաղանգի մը անդամակցիլը պատիւ է հայուհիին:

ՀՕՄ-ուհիներ 71-րդ Պատգամաւորական ժողովին վերանորոգեցին իրենց ուխտը:

ՀՕՄ-ի պայծառ դրօշը պիտի շարունակէ ծածանիլ` մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնած անդամուհիէն մինչեւ համեստ անդամուհին, հաւատարիմ բարերարն ու նուիրատուն միշտ պիտի մնան կնոջական այս կազմակերպութեան արթուն պահակները, հետապնդեն անոր շահերը, բարենպաստ պայմաններ ստեղծեն հայ կնոջ, երեխային, կարիքաւորին, անտէրին:

Եկէք` այսօր միասնաբար խոնարհի՛նք այս փաղանգին առջեւ, յարգե՛նք յիշատակը մեզմէ առյաւէտ հեռացած կամաւոր բոլոր ընկերուհիներուն, ձեռք երկարենք նորահաս երիտասարդութեան, հինն ու նորը շաղախե՛նք իրարու եւ լաւատեսութեամբ յառաջանանք դէպի ապագայ:

 

 

Նախորդը

Հաւատացէք Անոր Գործի Մեծութեան

Յաջորդը

Հայաստանը Թուրքիայի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.