Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Միրզոյեան Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչին Հետ

November 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mirzo-1_110415

Աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 4 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերի հետ:

Կարէն Միրզոյեան նման հանդիպումներ կարեւոր նկատած է Արցախի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կապերը շարունակելու առումով:

Նախարարը ներկայացուցած է Արցախի մէջ ընթացող ժողովրդավարական հոլովոյթները, մասնաւորաբար անդրադարձ կատարած է 2015-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն` ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը հանրային կեանքի կազմակերպման եւ ժողովրդավարութեամբ իշխանութեան մարմիններու կազմութեան առումով:

Կարէն Միրզոյեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Արցախ-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման վրայ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին: Այս առնչութեամբ երկուստեք ընդգծուած է իրավիճակը ապակայունացնելու փորձերը բացառելու եւ խաղաղ հոլովոյթով յառաջընթաց ապահովելու ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախարար Մնացականեան
Քասփրչիքին Ներկայացուցած Է
Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակը

mirzo-2_110415

Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեան շփման գիծին իրավիճակը ներկայացուցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, թէ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող վիճակին եւ անոր վերաբերող զարգացումներուն, միտքեր փոխանակուած են 5 նոյեմբերին կատարուելիք դիտարկման հոլովոյթներուն վերաբերեալ:

Հակառակորդին Նախայարձակ
Գործողութիւնները Կասեցուած Են

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, 3 նոյեմբերէն 4 նոյեմբեր լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 80 անգամ: Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ եւ 60 ու 82 մմ ականանետերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1200 կրակոց:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները լռութեան մատնուած են:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Հայկազեան» Համալսարանի Գործունէութիւնը Հպարտութեան Զգացում Կը Պարգեւէ Իւրաքանչիւր Հայու»

Յաջորդը

Հայ Դէտերը Խտրական Վերաբերմունքի Կ՛արժանանան Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.