Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ ԳԻՏՆԱԼ, ՈՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՓԱՍՏ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆՑԸ ԱՌՈ՞ՂՋ Է» ՀԱՐՑ ՏՈՒԱՒ ՀԱՍԱՆ ՖԱՏԼԱԼԼԱ

August 26, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հեռաձայնային հաղորդակցութեանց նուիրուած մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ իբրեւ շօշափելի փաստ օգտագործուած հաղորդակցութեան միջոցներու ցանցը վատառողջ է եւ գրեթէ Իսրայէլի հակակշիռին տակ:

Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նշեալ ցանցը իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ խզուած է եւ իբրեւ այդպիսին անիկա չի կրնար իբրեւ գիտական փաստ ծառայել Միջազգային դատական ատեանին համար:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆատլալլայի ընկերակցեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու մեքանիզմին պատասխանատու խորհուրդի նախագահ Իմատ Հուպալլա, որ հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանը օգտագործած է վատառողջ ցանց մը, որուն ճշգրտութեան երբեք կարելի չէ վստահիլ:

Հուպալլա շեշտեց, որ Իսրայէլ իր փափաքած ձեւով կրնայ փոփոխութեան ենթարկել այդ ցանցին տեղեկութիւնները:

Ան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ ունի նաեւ նոյն թիւերը կրող հեռաձայնի գիծը ընդօրինակելու կարողութիւնը եւ կրնայ այդ երեւակայական գիծերը զետեղել որոշ վայրի մը մէջ, ուր կը գործեն նոյն թիւերը կրող ճշգրիտ հեռաձայնները:

Նոյն թեզով հանդէս եկան նաեւ այլ պատասխանատուներ եւ արհեստավարժ անձնաւորութիւններ, որոնք գիտական բացատրութիւններու լոյսին տակ ջրեցին հաղորդակցութեան ցանցին ճշգրիտ ըլլալու իրականութիւնը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.