Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճամբորդութիւն` Առանց Հասցէի» Շահանդուխտի Հոգեբանական Ընկերային Վէպը

November 2, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Jamportoutioun_110315Իբրեւ արդիւնք հեղինակին` Շահանդուխտի շրջահայեցութեան եւ կեանքի խորունկ փորձառութեան, սփիւռքի հայ գրականութեան պարտէզին մէջ ահա հոգեբանական-ընկերային վէպ մը կ՛աւելնայ: Շահանդուխտի իրապաշտ հայեացքէն եւ մեր ընկերային առօրեայէն բխող այս վէպը` «Ճամբորդութիւն` առանց հասցէի», 2015-ին լոյս տեսած է Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ եւ «Հայ գիրքի բարեկամներու» մեկենասութեամբ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Վէպը լոյս կը տեսնէ այն ատեն, երբ հայկական ազգային եւ ընկերային կեանքը նոր հանգրուանի մը մէջ մտած է արդէն` Հայաստան սփիւռք եռուզեռով:

Հայ երիտասարդուհիի եւ հայ երիտասարդի միջեւ փոխադարձ համակրանքի եւ յարաբերութեան ներկայացումն է` ապրումներով, զգացումներով եւ միտքերով: Շահանդուխտ հարուստ հոգեբանական ծալքերու վերլուծումներով է, որ կը ներկայացնէ  վէպը:

Սկիզբը, տասնեակ մը էջերու մէջ Շահանդուխտ յաջողած է լիբանանահայ գաղութի  նախաքաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին մասին մասնակի պատկեր մը տալ: Հայ դպրոց, համալսարան, գրախանութ, թատրոն եւ տոհմիկ ընտանիքներ ու տաքուկ յարկեր, բոլորը միասին ներդաշնակութեամբ գեղեցիկ պատկեր մը կը ներկայացնեն հայ գաղութին մասին:

Դամասկոսէն Պէյրութ ժամանած հայ երիտասարդ Սուրէնը, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը ընդունուած ըլլալով` բժշկութեան ուսանող մըն է: Անոր ուշիմութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը զինք մղած են փիլիսոփայական գիրքեր ուսումնասիրելու: Պէյրութի մէջ «Միտք» գրախանութիւն մէջ ծառայող հայ օրիորդը` Սոնան, այս հարցին մէջ օգտակար կը դառնայ Սուրէնին: Սոնան ու Սուրէնը իրարու հետ սերտ յարաբերութեան մէջ կը մտնեն: Սոնա աւելի խելացի, հանդարտ ու պարկեշտ կեցուածք մը կ՛ունենայ Սուրէնի հանդէպ: Միւս կողմէ, Սուրէն հակառակ իր ուշիմութեան, կամայական եւ անպարկեշտութեան սահմաններուն մօտեցող վարուելակերպ մը կ՛որդեգրէ Սոնայի նկատմամբ: Այս միջոցին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը պայթի ու Սուրէն քաղաքէն կը հեռանայ: Այս դէպքը առիթ չի տար Սոնային, որ իր ձեւով սրբագրէ Սուրէնը եւ անոնց յարաբերութիւնը կ՛ընդհատուի: Սոնա Պէյրութի մէջ դժուար տարիներ կ՛ապրի: Սուրէն օտարութեան մէջ իրեն հաճոյ եղած ձեւով կը շարունակէ իր կեանքը եւ որոշ ատեն մը կը մոռնայ Սոնան: Այս տեսակ յարաբերութեան տարօրինակ կացութեան նկարագրութեան մէջ Շահանդուխտ հմուտ հոգեբանական վերլուծումներով ու բացատրութիւններով երեւան կու գայ: Երկար բացակայութենէ ետք, Սուրէն յանկարծ կը յայտնուի Սոնային, գրախանութը: Այս հանդիպումը Սոնան կը զարմացնէ: Հեղինակը այս մասին կ՛ըսէ. «Շփոթած էր աղջիկը: Գրախանութի դարակներուն դիմաց գլխապտոյտ կ՛ունենար…»: Վիպագիրը Սուրէնը կը ներկայացնէ մերթ իբրեւ շատ խանդավառ Սոնային հանդէպ, եւ մերթ` իբրեւ շատ անտարբեր: Ան Սոնային կը դիմէր, ամէն անգամ որ հոգեկան անկում ունենար: Հեղինակը Սուրէնը կը նմանցնէր երեխայի մը, որ մօր կողմէ շփացած էր, շատ պահանջկոտ եւ քմահաճ: Ուստի այս պատճառով ալ սկսուած ճամբորդութիւնը անաւարտ մնացած էր: Թէեւ Սոնա հաստատ էր, սակայն Սուրէն աննպատակ սկսած էր իր կեանքի ճանապարհը:

Հայ երիտասարդի մը ու հայ աղջկան այս յարաբերութեան պատումը օգտագործելով, հեղինակը` Շահանդուխտ, հայկական ընկերային կեանքի մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ընթերցողին: Աւելի՛ն. ան հոգեբանական մանրամասն բացատրութիւններով ու օրինակներով օժտած է վէպը:

Կը շնորհաւորենք հեղինակը` Շահանդուխտը, այս գործին համար: Վա՛րձքդ կատար Շահանդո՛ւխտ: Նոր յաջողութիւններ կը մաղթենք սիրելի վիպագիրին` Շահանդուխտին:

Շնորհակալութիւն խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեանին, որ հմուտ ու բծախնդիր հպումով վէպը բոլորիս մատչելի դարձուց: Շնորհակալութիւն «Հայ գիրքի բարեկամներ» համախմբումին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութեան:

26 հոկտեմբեր 2015

Նախորդը

Աշնանային Առաջնագիծ

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100 Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակներուն Առիթով. «Շնորհիւ Մուսալեռցիներուն` Գրաբարը Տակաւին Կ՛ապրի»

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.