
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտնեց, որ այսօր Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ նախատեսուած` Սուրիոյ հարցով ժողովին ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրի հարցը պիտի չքննարկուի:
Ան նշեց, որ Վիեննայի մէջ երկրորդ ժողով գումարելուն նպատակը կարեւոր դերակատարները առաջին անգամ ըլլալով մէկ սեղանի շուրջ նստեցնելն է: Գերմանական դիւանագիտութեան պետը համոզում յայտնեց, որ սուրիական տագնապին հարցով ռուս-ամերիկեան տարակարծութիւնը քաղաքական փոխզիջումային լուծումի մը պիտի չառաջնորդէ` շեշտելով, որ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէկ սեղանի շուրջ նստիլը եւս լուծումի պիտի չառաջնորդէ:
Ռուսական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մտադիր է Վիեննայի ժողովէն առաջ հանդիպում ունենալ իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:
Միւս կողմէ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, նշեալ ժողովէն առաջ նաեւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է հարուածել ահաբեկչական որեւէ գոյացութիւն, որ կրնայ կազմուիլ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ` ընդգծելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հիւսիսային Իրաքի օրինակին կրկնութիւնը չենք ուզեր»:
Ան պատկերասփռուած խօսքի մը ընթացքին ընդգծեց, որ իրենք ահաբեկիչները հարուածելու համար ոեւէ մէկէն արտօնութիւն պիտի չառնեն:


