Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

October 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Դպրոց մը փակեցինք, ահա՛ եւ հայկական թերթ մըն ալ փակեցինք` «Նոր Հայաստան»-ը: Անկասելի նահանջի նշաննե՞ր են ասոնք…Դպրոց ու թերթ պահելը` երկուքն ալ զոհողութիւն կը պահանջեն, ուժերու գերագոյն լարումով աշխատանք կը պահանջեն:

Եթէ պատկառելի անուն ունեցող միութիւն մը աշխարհով մէկ կը յայտարարէ իր անկարողութիւնը դպրոցի նման կարեւորագոյն հաստատութիւն մը պահելու, ապա ի՞նչ պիտի ըսենք անհատական նախաձեռնութեամբ հայկական օրաթերթ մը հրատարակելու խենթութիւնը ունեցող Վահան Ճանսզեան անուն հայորդիին, որ այլեւս պարտաւորուած կը զգայ դադրեցնելու ապերախտ իր տքնութիւնը:

Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ կրնա՞ք երեւակայել համայնքի կենսունակութեան հանդէպ հաւատքի որեւէ արտայայտութիւն: Բարոյալքիչ այս միջավայրին մէջ կարելի կ՛ըլլա՞յ նոր ծրագիրներու մասին մտածել:

Խուճապի մատնուելու խնդիր չկայ… «Նոր Հայաստան»-ը անձնական նուիրումի արդիւնք էր, եւ կարելի է հասկնալ, որ տասնամեակներով հայ մամուլին ծառայած մշակ մը, որքա՛ն ալ դժկամութեամբ, որքա՛ն ալ ցաւով, որոշէ այլեւս ուրիշներուն թողուլ այդ ծանր բեռը վերցնելու առաքելութիւնը: Փակուած վարժարանի կողքին ալ, հարեւան հայկական ամէնօրեան` Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ` աշակերտներու թիւի մրցանիշ ապահովելով:

Խուճապի մատնուելու հարց երբե՛ք պէտք չէ ըլլայ մեր համայնքէն ներս, ուր հազարաւոր հայորդիներ ազգային մեր իրականութեան մասնակից դառնալու յայտ ներկայացուցին` Պահանջատիրական քայլարշաւին տալով իւրայատուկ ուժականութիւն մը: Անշո՛ւշտ, պէտք չկայ պատեհ-անպատեհ կերպով օգտագործելու կամ չարաշահելու Պահանջատիրական քայլարշաւին աննախընթաց տարողութեան ներարկած լիցքը, բայց եւ նոյն տրամաբանութեամբ, նահանջի երեւոյթները պէտք է դիտուին իբրեւ առանձին պարագաներ:

 

 

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. Մայր, Անունը Հայաստան (2)

Յաջորդը

Հայաստանի Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Մշակութային Երեկոյ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.