Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ազրպէյճանի Տնտեսութեան Փոխնախարարին. Ազրպէյճան Կրնայ Անդամակցիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան

October 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեւինճ Հասանովա
Սեւինճ Հասանովա

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան փոխնախարար Սեւինճ Հասանովայի հաւանական կը նկատէ Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, սակայն դիտել տուած է, որ ատկէ առաջ անհրաժեշտ է վերլուծել այդ քայլին բոլոր դրական եւ ժխտական բոլոր կողմերը:

«Մենք հաւանական կը համարենք մասնակցութիւնը միութիւններու, որոնք օգուտ պիտի բերեն Ազրպէյճանին: Ատոր համար հարկ է վերլուծման ենթարկել այդ կազմակերպութիւններուն մասնակցութեան բոլոր առաւելութիւններն ու ժխտական կողմերը, որպէսզի մանրակրկիտ գնահատական տանք նման մասնակցութեան», ըսած է լրագրողներուն:

«Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Ազրպէյճանի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը չէ բացառած նաեւ այդ երկիրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը: Ան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ լրագրողներուն ըսած էր, որ իր երկիրը չէ ժխտած Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու հնարաւորութիւնը, եւ այժմ զբաղած է այդ միութեան անդամ պետութիւններուն հետ «երկկողմանի բազմաթիւ յարաբերութիւններ ստեղծելով»:

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ նախապէս յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան, Իրան, Հնդկաստան եւ Մոնկոլիա կ՛ուսումնասիրեն Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցելու հնարաւորութիւնները, իսկ Թուրքիան փափաք յայտնած է առեւտրական համաձայնագիրներ կնքելու այդ միութեան հետ:

Յիշեցնենք, որ նշեալ միութեան անդամներն են Ռուսիան, Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը եւ Խըրխըզիստանը:

 

Նախորդը

«Գաղթականներու Ճգնաժամը Կրնայ Խարխլել Եւրոպական Միութեան Հիմերը» Կ՛ըսէ Թուսք

Յաջորդը

«Հարկ Է Իրանի Իշխանութիւնները Մասնակից Դարձնել Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Փոխանցման Շուրջ Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Քըրպի

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.