Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սօս Սարգսեանի Նուիրուած Յուշատախտակի Բացում

October 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sos_102615

Հայ նշանաւոր եւ սիրուած դերասան, ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի ծննդեան օրը` 24 հոկտեմբերին, Տէրեան 65 հասցէին վրայ բացումը կատարուեցաւ անոր նուիրուած յուշատախտակին, որուն վրայ գրուած էր. «Այս տան մէջ ապրած է ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանը»:

Յուշատախտակի հեղինակ, Հայաստանի մշակոյթի գործիչ Լեւոն Իգիթեան այս առիթով յայտնած է, որ երբ կը պատրաստէր յուշատախտակը, մնայուն կերպով մտքին մէջ ունէր այն իրականութիւնը, որ Սօս Սարգսեան լաւ մարդ էր, ան սիրոյ հսկայական պաշար ունէր եւ բոլորին բաժին կը հանէր անկէ: Ան երբեք չէր ըսեր, որ ասիկա կարեւոր յատկանիշ է, այլ նկարագրային գիծի վերածած էր սէր շռայլելը, դիտել տուած է Իգիթեան` հաստատելով, որ մեծ ուրախութեամբ ու սիրով պատրաստած է յուշատախտակը:

Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի նախագահ, Հայաստանի արուեստի գործիչ Դաւիթ Մուրադեան հաստատած է, որ սերունդները մնայուն կերպով պիտի սնուին Սօս Սարգսեանի ստեղծագործական եւ բարոյական ժառանգութենէն: «Այսօր ո՛չ միայն յիշատակի ու խոնարհումի, այլ նաեւ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք ունեցած ենք Սօս Սարգսեանի հետ ապրելու կարելիութիւն:  Հայ մշակոյթի սիւներէն մէկը մեր աչքին առջեւ ստեղծագործած է, իսկ մենք վայելած ենք անոր գեղեցիկ ներկայութիւնը», նշած է ան:

Հայ գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Զօրի Բալայեանը սիրով կը յիշէ «վարպետը»: «Սօսը մեզի հետ է, իր քաղաքին մէջ: Այս փողոցէն անցնողը, որքան ալ աճապարէ, պիտի կանգնի հոս ու նայի իրեն, բան մը մտածէ անպայման: Անոր ստեղծած բոլոր կերպարները յաւերժ պիտի ապրին, ինչպէս ի՛նք` Սօս Սարգսեանը», շեշտած է Բալայեան:

Նշանաւոր անձնաւորութեան այրին` Նելլի Սարգսեան ըսած է, որ իրեն համար Սօս Սարգսեանի մահէն ետք աշխարհը դատարկ վայրի վերածուած է: «Իբրեւ մարդ` ան հեքիաթային էր, զուսպ, համեստ, մեծահոգի, ազնիւ», ընդգծած է կինը:

Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանի համաձայն, իրենք միշտ ալ կը հետեւին վարպետին որդեգրած սկզբունքներուն: «Սօս Սարգսեան միշտ ըսած է մեզի, որ արուեստը ճաշակ է: 24 հոկտեմբերին երեկոյեան առաջին անգամն ըլլալով մենք պաշտօնապէս բեմ կը բարձրանանք իբրեւ Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոն», նշած է ան:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Վաչէ Բրուտեանի Հետ

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 6. Զուգադիպութիւն Եւ Միջազգային Յարաբերութիւններ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.