Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 6. Զուգադիպութիւն Եւ Միջազգային Յարաբերութիւններ

Հոկտեմբեր 27, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

YPamboukian_102615

Լոյս սփռելու համար «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Վերին պալատի որոշումին վրայ, զրոյց մը ունեցանք պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանին հետ:

Ստորեւ` այս հարցին վերաբերեալ Ե. Փամպուքեանի տեսակէտները:

Անդրադառնալով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Մեծ պալատի 15 հոկտեմբերին հրապարակուած վճիռին, ինչպէս նաեւ այդ վճիռին հրապարակման առնչուող հակազդեցութեան` հայկական եւ օտար միջավայրերուն կողմէ, հարկ է մատնանշել քանի մը կէտեր, կատարել հարցադրումներ, որոնք օգտակար են հայկական իրականութեան մէջ միտք զարգացնելու իմաստով:

Թէեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռի կարգ մը բաժիններու մէջ գոհացում տուող կէտեր կան, սակայն գլխաւոր բաժինը արդարացումն է, որ կը հաստատէ խօսքի ազատութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մոլորեցնող վճիռի «քարոզչութեան» մէջ դատապաշտպանները մեղաւոր են, որովհետեւ շեշտը դրին հայութեան ի նպաստ բաժիններուն վրայ. սակայն փաստը կը մնայ փաստ` Փերինչեք խօսքի ազատութեան իրաւունք ունի:

Մեծ պատասխանատուութիւնը այս հարցին մէջ կը մնայ մեր վրայ` չենք կրնար սխալ կողմնորոշում տալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի խաբկանքներով տարուի: Թուրքերը հրճուելու աւելի մեծ պատճառ ունին, քան մենք: Ճիշդ է, այսքանը չէինք սպասեր, ինչո՞ւ այսպէս պատահեցաւ. թերեւս քաղաքական մտքի անհասունութեան պատճառո՞վ, միջազգային քաղաքականութեան չհետեւելու եւ մեծ պետութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող փոխադարձ շահերու գործօնը անգամ մը եւս նկատի չառնելու հանգամանքէ՞ն մեկնած:

Անցնինք փաստերուն: Դատավճիռը արձակուելու ճիշդ նոյն օրը Եւրոպական Միութեան ֆինանսական բաժանմունքը 3 միլիառ տոլար կը յատկացնէ Թուրքիոյ` իր տարածքներուն վրայ պահելու համար սուրիացի գաղթականները (թուրքերը կը ջանային 7 միլիառ տոլար ձեռք ձգել, Եւրոպական Միութիւնը առաջարկած էր 1 միլիառ, սակայն միջին լուծումը եղաւ 3 միլիառ տոլարի յատկացում): Արդեօք նման մեծ գումարի մը յատկացումը եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռին նոյն օրը տրուիլը զուգադիպութի՞ւն է: Նկատի ունենալով, որ մենք իբրեւ ժողովուրդ նման փորձառութիւններ ապրած ենք, անմիջապէս հաստատենք, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ արդարադատութեան չափանիշը խախուտ է. Փերինչեքի դատավճիռը անպայմանօրէն կապ ունի սուրիացի գաղթականութեան հարցին հետ:

Ֆրանսական 24-րդ կայանը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Ցեղասպանութեան մասին շաբաթական դրութեամբ յայտագիրներ ներկայացուցած էր, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռին օրը կազմակերպած էր կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին յստակ էր Թուրքիոյ հետ այլ կերպով, այլ մօտեցումով վարուելու քաղաքականութիւնը, թէ՛ կլոր սեղանին մասնակցողներուն, թէ՛ ալ կայանին կողմէ: Յայտագիրին ընթացքին մասնակցողներէն մէկը մատնանշեց, թէ Թուրքիոյ պահանջած 3 միլիառ տոլարի յատկացումը եթէ 3 տարի առաջ տրամադրուէր, եւ Եւրոպան Թուրքիոյ հետ գործակցէր, այսօր այդքան բազմութիւն չէինք ունենար Եւրոպայի մէջ, եւ այս դժբախտութիւնը տեղի պիտի չունենար: Յայտագիրին ընթացքին Թուրքիոյ վերաբերող գովաբանութիւնները պակաս չէին, Թուրքիան որակուեցաւ իբրեւ մեծ եւ կայուն երկիր: Հաստատ եւ պարզ իրողութիւն է այն, որ սուրիացի գաղթականութեան հարցը եւ Թուրքիան սիրաշահիլը կապուած են դատավճիռին հետ: Յստակ է, որ Եւրոպայի կողմէ Թուրքիան սիրաշահելու ճիգ մը գոյութիւն ունի. թուրքը արեւմտեան ճակատին վրայ պահելու գործ կը կատարէ Եւրոպան:

Վերջին մատնանշումը կ՛ուղղուի Հայաստանի Հանրապետութեան դատապաշտպաններուն, որոնց մասնակցութիւնն ու հետագային կատարած «վերլուծումները» անհեթեթ դուրս եկան:

 

Նախորդը

Սօս Սարգսեանի Նուիրուած Յուշատախտակի Բացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?