Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր

October 26, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sahakian__102515

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի, տեղի ունենալիք հանրաքուէին, ինչպէս նաեւ անոր արդիւնքի հիման վրայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հաստատումէն ետք ակնկալուող օրէնսդրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր  քննարկած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճանի Պուքիքիոյին հետ: 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին  մասնակցած է նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովի բիւրոյի անդամ Գագիկ Յարութիւնեան:

Հանդիպումին ընթացքին Գալուստ Սահակեան  անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Վենետիկի յանձնաժողովին ցուցաբերած մասնագիտական մեծ աջակցութեան համար: Խօսելով Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն վերաբերող հանրաքուէին մասին` Ազգային ժողովի նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն հանրաքուէն ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան կազմակերպելու համար: «Ես վստահ եմ, որ հանրաքուէն դրական ելք պիտի ունենայ, որովհետեւ արդէն սկսած «ոչ»-ի քարոզարշաւին մէջ  նախագիծի բովանդակային մասով որեւէ իրական քննադատութիւն նկատելի չէ», նշած է Գալուստ Սահակեան:

Խորհրդարանի նախագահը Ճանի Պուքիքիոյին տեղեկացուցած է նաեւ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք անհրաժեշտութիւն պիտի յառաջանայ փոխելու շուրջ երեք հարիւր օրէնք, որոնցմէ առանցքային են Ընտրական օրէնսգիրքն ու «Կուսակցութիւններու  մասին» օրէնքը: «Մենք կ՛ակնկալենք Վենետիկի յանձնաժողովի գործուն աջակցութիւնը նաեւ այս հիմնական օրէնքներու նախագիծերու կազմութեան աշխատանքներուն մէջ», իր խօսքին մէջ նշած է Գալուստ Սահակեան: Ան Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահին տեղեկացուցած է, որ իշխող քաղաքական ուժը արդէն կը պատրաստուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւին, որուն ընթացքին առաջարկուող նախագիծին մասին յօդուած առ յօդուած պիտի իրազեկուի հանրութիւնը: Ճանի Պուքիքիոն անգամ մը եւս փաստած է, որ առաջարկուող նախագիծը ամբողջութեամբ կը  համապատասխանէ ժողովրդավարութեան միջազգային չափանիշներուն:

«Այսօրուան նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած բազմաթիւ հարցերուն կարգին է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հարցը, որովհետեւ նիստի բոլոր մասնակիցները համոզուած են, որ մենք լաւ արդիւնք ստացած ենք», նշած է Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը: Ան  վստահեցուցած է, որ յանձնաժողովը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրական հետագայ աշխատանքներուն, մասնաւորապէս Ընտրական եւ Դատական օրէնսգիրքերու, տեղական ինքնակառավարման ու կուսակցութիւններուն վերաբերող օրէնքներու նախագիծերու մշակման գործընթացներուն: Վենետիկի յանձնաժողովի բիւրոյի անդամ Գագիկ Յարութիւնեանն ալ Գալուստ Սահակեանին տեղեկացուցած է, որ նշուած նախագիծերուն շուրջ աշխատանքները  պիտի իրականացուին նոյն սկզբունքով, ինչպէս որ էր Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի պարագային, այսինքն` Վենետիկի յանձնաժողովը այս պարագային ալ պիտի ունենայ մասնագիտական մասնակցութիւն: Հանդիպումի աւարտին Ճանի Պուքիքիոն նշած է. «Համոզուած եմ, որ հայ ժողովուրդը խոհեմ պիտի գտնուի եւ պիտի քուէարկէ ի նպաստ առաջարկուող նախագիծին»:

 

 

Նախորդը

Աղբի Գետերը Ողողեցին Պէյրութը, Իսկ Վարչապետ Սալամ Հինգշաբթին Ժամկէտ Կը Ճշդէ Իր Պաշտօնէն Հրաժարման

Յաջորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովը Միաձայնութեամբ Հաստատած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծին Վերաբերող Եզրակացութիւնները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն

November 19, 2026
Պայրամով. «ԹՐԻՓՓ-ի Մուտքի Եւ Ելքի Հատուածները  Կը Գտնուին Ազրպէյճանի Տարածքին Մէջ, Հիմնական  Թեքնիք Շրջագիծերը  Պէտք Է Համաձայնեցուին Պաքուի Հետ»
Հայկական

Պայրամով. «ԹՐԻՓՓ-ի Մուտքի Եւ Ելքի Հատուածները Կը Գտնուին Ազրպէյճանի Տարածքին Մէջ, Հիմնական Թեքնիք Շրջագիծերը Պէտք Է Համաձայնեցուին Պաքուի Հետ»

November 19, 2026
Վատեֆուլ. «Ես Շատ Պիտի Ուզէի, Որ Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան  Պայմանագիր Ստորագրուի»
Հայկական

Վատեֆուլ. «Ես Շատ Պիտի Ուզէի, Որ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիր Ստորագրուի»

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.