Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաֆուան Ընտանիքի Ծովամոյն Դարձած 7 Անդամներուն Դիակները Հասան Լիբանան

October 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

zaayter_otagayan_10-21-15

Անցեալ շաբաթավերջին ապօրինի կերպով  Թուրքիայէն Յունաստան գաղթականներ  փոխադրող լաստ մը ընկղմած էր, այդ պատճառով ալ ծովամոյն դարձած էին այդ լաստին վրայ գտնուող լիբանանցի Սաֆուան ընտանիքի եօթը անդամները:

12 հոգի հաշուող Սաֆուան ընտանիքին անդամներէն երեքը փրկուած են եւ այսօր կը հասնին Լիբանան, իսկ միւս երկուքը կորսուած են, եւ թրքական ծովուժը տակաւին կը շարունակէ զանոնք փնտռելու աշխատանքը:

Երէկ կէսօրէ ետք Սաֆուան ընտանիքի անդամներուն 7 դիակները փոխադրուեցան Լիբանան:

Պէյրութի օդակայանին մէջ անոնք դիմաւորուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ղազի Զաայթերի, վարչապետի ներկայացուցիչ` Աղէտներու շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, Հըզպալլայի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ալի Մըքտատ եւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուած դիակները փոխադրուեցան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց` նկատի ունենալով, որ անոնց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` Ուզահիի մէջ:

Զաայթեր ցաւակցութիւն յայտնեց Սաֆուան ընտանիքին անդամներուն` յոյս յայտնելով, որ կորսուած երկուքին դիակները եւս կը գտնուին:

Ան յայտնեց, որ Սաֆուան ընտանիքին պատահած աղէտը բոլոր լիբանանցիները կը յուզէ` նկատի ունենալով ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային դժուար պայմաններն ու անոնց զուգահեռ խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքներուն սառած վիճակը:

Զաայթեր մաղթեց, որ նման աղէտներ չկրկնուին:

Իր կարգին, Մոհամետ Խէյր ցաւակցութիւն յայտնեց Սաֆուան ընտանիքին:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն արտագաղթի մաֆիաներուն հետ չգործակցելու:

Սաֆուան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Եուսեֆ Սաֆուան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հարազատներուն դիակներուն Լիբանան փոխադրութեան համար` աւելցնելով, որ քաղաքացին իր երկրէն հեռանալու առումով յուսալքուած քայլերու կը դիմէ` վտանգի ենթարկելով իր ընտանիքն ու զաւակները: Ան ըսաւ, որ Լիբանան դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ եւ այդ պատճառով ալ լիբանանցիները ծովուն կը դիմեն` աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով: «Դժբախտաբար այս է Լիբանանը, որով կը հպարտանանք», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն արտագաղթի որոշում չտալու, որքան ալ երկրին պայմանները յուսալքող ըլլան:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Պահիա Հարիրին Եւ Թուրքիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Ֆրանքֆորթի Գիրքի Ցուցահանդէսին Կը Ներկայացուին Հայկական Նիւթերով Նոր Ուսումնասիրութիւններ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.