Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳԵՑ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

August 25, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ ծրագիրը:

Կառավարութեան նիստը, որ իր որոշուած ժամէն մէկուկէս ժամ աւելի ուշ սկսաւ,  տեւեց միայն 10 վայրկեան, որուն ընթացքին որոշուեցաւ նիստը յետաձգել յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան համաձայնութիւնը ապահովել հիմնական երկու սկզբունքներու շուրջ: Անոնցմէ մէկը ելեկտրականութեան տագնապի ծրագիրին շուրջ կառավարութեան բոլոր թեւերուն համաձայնութեան գոյացումն է, իսկ երկրորդը` այդ ծրագիրը քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երկրորդեց նախագահ Սլէյմանի նշած այս երկու սկզբունքները` ընդգծելով, որ յառաջիկայ օրերը պիտի վկայեն աշխուժ հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ելեկտրականութեան ծրագիրին հարցը թեքնիք է եւ ոչ քաղաքական:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարար Ղազի Արիտի. անոնց աւելի ուշ միացաւ նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Նախագահ Սլէյմանի հետ Արիտիի խորհրդակցական հանդիպումէն ետք հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպում մը ունեցան նախարար Ժըպրան Պասիլ, ապա նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ:

Պասիլի եւ Ֆընէյշի մեկնումէն ետք նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ, որուն մեկնումէն ետք նախագահ Սլէյման դարձեալ հանդիպեցաւ նախարար Ղազի Արիտիի:

 

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ ԱՌԿԱԽՈՒԵՑԱՒ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։