Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռումանիոյ Մէջ . Պըրրի Շեշտեց Սուրիոյ Պատերազմին Քաղաքական Լուծում Ապահովելու Կարեւորութիւնը

October 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_romania_10-13-15

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վալերիու Զեկոնիի եւ վարչապետ Վիքթոր Փոնթայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Զեկոնի նշեց, որ Պըրրի ներկայացուցած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Ան հաստատեց, որ Պըրրի ամբողջական ծրագիր մը ներկայացուցած է քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան առումով:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ փոխադարձ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ իբրեւ Միջին Արեւելքի ու Եւրոպայի դարպասներ երկու երկիրներուն դիրքերէն օգտուելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը բաւական վտանգաւոր հանգրուան մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ արաբական բոլոր երկիրները, բացի Լիբանանէն, արիւնահեղութիւն կ՛ապրին:

Անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմին` Պըրրի շեշտեց անոր քաղաքական լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Եւրոպան Լիբանանի համար մտերիմ բարեկամ է եւ պէտք է ճնշում բանեցնէ` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու համար:

Պըրրի աւելցուց նաեւ Լիբանանի մէջ ռումանական ներդրումները աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, վարչապետ Փոնթա շեշտեց, որ Ռումանիա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ զօրակցելու Լիբանանին, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն ծանր բեռը կրելու առումով:

Փոնթա ցաւ յայտնեց, որ Եւրոպան չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի գաղթականներուն հետ, հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները աւելի մեծ են ու դժուար:

«Մեր պարտականութիւնն է Լիբանանին օժանդակել այդ առումով», ըսաւ Ռումանիոյ վարչապետը:

Պէտք է նշել, որ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի չհրաժարի` աւելցնելով, որ առանց համամասնական օրէնքի Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանը նիստի մը հրաւիրեց երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին` ընտրելու համար խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն նախագահները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը` չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին:

Նախորդը

«Պէտք Է Համաձայնիլ Այնպիսի Նախագահի Մը Շուրջ, Որ Նպատակներ Ունի Եւ Սահմանադրութիւնը Կը Յարգէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Նոր Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւնները` Մինչեւ Տարեվերջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.