Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

October 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

British_10-07-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Բրիտանիոյ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆառնուորթը:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն, ընդգծելով, որ Բրիտանիոյ հետ միջպետական կապերու ամրապնդման, փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման եւ երկկողմանի  յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ նոր նշանակուած դեսպանը բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ հայ-բրիտանական միջպետական օրակարգը նոր նախաձեռնութիւններով աւելի հարստացնելու եւ յառաջ մղելու ուղղութեամբ:

Հանդիպումին երկուստեք կարեւոր նկատուած է միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, որուն ծիրին մէջ, զրուցակիցներուն համոզումով, մեծ է երկու երկիրներու  խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամութեան խումբերուն աւանդը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ խորհրդարանականներուն միջեւ աշխուժ կապերը եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ պարբերական խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու աշխուժութիւնը շարունակուին նաեւ Բրիտանիոյ  խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուելիք նոր բարեկամութեան խումբին հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Բրիտանիոյ  դեսպանը բարձր գնահատած են նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ ձեւաւորուած հայ-բրիտանական համագործակցութիւնը` այդ առումով կարեւոր ձեռքբերում նկատելով սեպտեմբեր 2014-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներն ու զինուորական համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրումը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ դեսպան Ֆառնուորթ կարեւոր նկատած են առեւտրական-տնտեսական մարզին մէջ եւ միջազգային կառոյցներու` ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ համագործակցութիւնը:

Ճուտիթ Ֆառնուորթ ընդգծած է, որ Բրիտանիան ուշադրութեամբ կը հետեւի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի  գործունէութեան եւ կը ցանկայ բոլոր միջոցներով աջակցիլ այդ ձեւաչափով տեղի ունեցող խաղաղ բանակցային հոլովոյթին:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այլ հարցերու մէջ Բրիտանիոյ անկողմնակալ դիրքորոշումներուն  համար:

Բրիտանիոյ դեսպանը նշած է, որ իր երկիրը պատրաստակամ է յառաջատար դեր ստանձնելու Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութիւնը կարգաւորող նոր իրաւական շրջանակի ձեւաւորման հարցին մէջ, որ, անոր համոզումով, կրնայ շարժիչ ուժ հանդիսանալ հայ-բրիտանական երկկողմանի եւ բազմակողմանի  համագործակցութիւնը յառաջ մղելու ու զարգացնելու գործին մէջ:

Նախորդը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Արտաքին Գործոց Նախարար Նիքըլսընին Կոչ Ուղղած Է Արձագանգելու Ազրպէյճանական Յարձակումներուն

Յաջորդը

Եուրօ-2016. Փոտոլսքի Պիտի Բացակայի Այսօրուան Եւ Կիրակի Օրուան Մրցումներէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.