Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փափա Քիւնցլերի Կեանքը Սիրոյ Գործնական Արտայայտութիւնն Է» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

October 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

gatogh_10-02-15

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ուոլցընհաուսընի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Փափա Քիւնցլերի յիշատակի ձեռնարկին: Փափա Քիւնցլեր այս գիւղին մէջ անցուցած էր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները, նախքան հայ ժողովուրդին օգնութեան համար իբրեւ կամաւոր բժիշկ Ուրֆա մեկնիլը:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Ուոլցընհաուսի քաղաքապետ Հանսրուտի Պանզիկըր, Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի շրջանի ներկայացուցիչ Քոնի Պուրտըրըր, խորհուրդի փոխնախագահ Լինի Սութըր, Ցիւրիխի համալսարանի դասախօս, պատմաբան Հանս-Լուքաս Քայզըր, ծերակուտական Հանս Ալթհըր, «Արմենոֆաս»-ի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Քիւնցլերի երկու թոռները` Էնն Պեթզ (Անգլիա) ու Փրուտի Մարշըլ (Միացեալ Նահանգներ) եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ ու Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ առաջին դեսպան Քոնսթանթին Օպոլենսքի:

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Փափա Քիւնցլերի անանձնական ծառայութեան, որ մատուցած էր հայ ժողովուրդին Հայոց ցեղասպանութեան եւ յաջորդող շրջանին` յատկապէս որբահաւաքի աշխատանքին միջոցով: «Փափա Քիւնցլերի կեանքը սիրոյ գործնական արտայայտութիւնն է: Արդարեւ, աստուածային սէրը մղիչ ուժը հանդիսացաւ այս զուիցերիացիին համար, որ իր ամբողջ չափահաս կեանքը ընծայաբերեց մարդկութեան ծառայութեան: Սիրոյ ուժը պատճառ հանդիսացաւ, որ ան դրժէ ուժին սէրը: Սիրոյ ուժը զինք մղեց ծառայելու հայ ժողովուրդին` ողբի ու տառապանքի օրերուն: Եւ սիրոյ ուժը մղեց Փափան ինքզինք նոյնացնելու աղքատին, հիւանդին եւ հալածուողին հետ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հէյլը Եւ Նախագահեց Աղբի Տագնապի Լուծման Յատուկ Նիստին

Յաջորդը

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Արտերկրէն Հայաստան Ուղարկուող Գումարներու Անձնական Փոխանցումներուն Նուազումը Կը Ստանայ Աղէտալի Կշռոյթ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.