Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն». «Հաւատքը Սկսած Է Պակսիլ Ամէն Ինչի Նկատմամբ. Մենք Երէկ Արիւն Թափեցինք Մեր Ժողովուրդին Ու Թաղերուն Համար, Մինչ Այսօր Մեզմէ Շատեր Դրամին Եւ Օտարին Առջեւ Կը Տկարանան» «Բաց Քննարկում»-ի Անդրանիկ Յայտագիրին Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

October 2, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի

Երէկ` հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սկսաւ սփռուիլ «Բաց քննարկում» յայտագիրը, որ կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Յայտագիրը կը միտի քննութեան առարկայ դարձնել ընդհանրապէս համայն հայութիւնը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը յուզող քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ այլ բնոյթի խնդիրներ:

Յայտագիրի սկզբնաւորութեան Տեմիրճեան ըսաւ, որ քննարկումները պիտի չունենան սահմանափակումներ եւ հիմնուած պիտի ըլլան անկեղծութեան, թափանցիկութեան, հարազատութեան եւ արդարութեան վրայ: Ան աւելցուց, որ յայտագիրին ընթացքին պիտի խօսուին բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք կը մտահոգեն մեր ժողովուրդը:

«Բաց քննարկում» յայտագիրի առաջին նիւթն էր «Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի վերականգնման մարտահրաւէրները», իսկ գլխաւոր հիւրը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Յայտագիրին ժողովրդային մասնակցութեան տեղ տալու նպատակով, 284 հայորդիներ մասնակցած էին հարցախոյզի մը, որուն արդիւնքները ներկայացուց Տեմիրճեան:

Պուրճ Համուտի բնակարաններն ու վաճառատուները ոչ հայերու վաճառելու հարցին գծով Բագրատունի ըսաւ, որ բնակարանաշինութեան ծրագիրներու կողքին վաճառքի դրուած բնակարաններու ու վաճառատուներու ոչ հայերու վաճառքին դէմ յստակ աշխատանք պիտի տարուի, յստակ ծրագիր կայ եւ գործադրութեան եղանակներ: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ երբ հարցախոյզին մասնակիցներուն 92 տոկոսը անընդունելի կը գտնէ երեւոյթը, ապա այս կեցուածքը մեզի կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութեան եւ հաշուետուութեան դիմաց:

Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբերեալ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ աղբի խնդիրը միայն կենսոլորտային խնդիր չէ, այլ նաեւ քաղաքական լուրջ խնդիր է, որուն ետին կան տնտեսական մեծ շահեր: Ան աւելցուց, որ կեցուածքներու փոփոխութիւն չկայ, եւ հարցը ոչ մէկ ձեւով պէտք է շահագործման առարկայ դառնայ:

Արագածի նախկին գերեզմանատան շրջանի բնակարաններու հարցին մասին հեռաձայնող հայորդիի մը հարցումին պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ոչ մէկ հայ ընտանիք իր տունէն դուրս պիտի մնայ, ոչ մէկ հայ երիտասարդ ու մամիկ անտուն պիտի մնայ:

Հայեցի դիմագիծի մարտահրաւէրներուն անդրադառնալէ ետք Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Պատմութեան ընթացքին մեզի արգիլեցին հայերէն դասաւանդել, եւ երբ հիմա արտօնուած է, կը մերժենք, որ մեր զաւակները ազգային կրթութիւն ստանան: Անցեալին մեր եկեղեցիները քանդեցին, եկեղեցւոյ զանգերը կոտրեցին, որպէսզի ղօղանջը չլսուի, իսկ մենք այսօր եկեղեցի ունինք, բայց ժամերգութիւն կատարող չկայ, ժամերգութեան ներկայ գտնուող չկայ: Այս ի՞նչ հակասութիւն է, որ կ՛ապրինք: Հաւատքն է, որ սկսած է պակսիլ ամէն ինչի նկատմամբ: Մենք արիւն թափեցինք մեր ժողովուրդին ու թաղերուն համար, մինչ այսօր մեզմէ շատեր դրամին ու օտարին առջեւ կը տկարանան: Երէկ, որպէսզի մեր կիները թուրքերուն կողմէ չ՛առեւանգուին, նահատակներ տուինք, մինչ այսօր մեր աղջիկները ազատ կամքով կու տանք օտարներուն` յանուն սիրոյ եւ մարդկութեան: Հաւատքը պակսած է, բայց անպայման պէտք է վերականգնել զայն: Հաւատքը պակսած է եկեղեցւոյ նկատմամբ, կուսակցութիւններուն նկատմամբ, ղեկավարութեան նկատմամբ, եւ  յանցաւորը եկեղեցին է, կուսակցութիւններն են, ղեկավարութիւնն է, եւ նաեւ յանցաւորը ժողովուրդն է, որ չ՛ուզեր վերականգնել եւ փոփոխութիւն յառաջացնել: Բոլորս պէտք է ձեռք-ձեռքի տանք եւ հարցերը լուծենք»:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի ժողովրդային հանդիսութեան բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան վերաբերեալ երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը յաճախ մեզի կը զարմացնէ այն պահերուն, երբ մենք կը կարծենք, որ տկարացած ենք. տեսանք, որ այս ժողովուրդը արդարութեան եւ իրաւունքի պաշտպան է եւ ղեկավարութենէն կը պահանջէ ուժեղ դիրքորոշումներ` սեւին սեւ ըսելու եւ ճերմակին` ճերմակ:

Յայտագիրի ընթացքին «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեանի ճամբով խօսք առին շարք մը հայորդիներ, որոնք ներկայացուցին իրենց հարցերն ու տեսակէտները: Նաեւ խօսուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին, Պուրճ Համուտի մէջ կառատուներու հարցերու, համայնքային իրաւունքներու հետ առնչուած մտահոգութիւններու եւ Պուրճ Համուտը յուզող այլ խնդիրներու մասին:

Աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նկատեց, որ ճիշդ չեն այն տեղեկութիւնները, թէ Դաշնակցութիւնը չ՛ուզեր խօսիլ կարգ մը նիւթերու մասին, եւ «Բաց քննարկում» յայտագիրը ըստ էութեան շատ օգտակար է ժողովուրդին խօսելու առիթ տալու, ձայնը լսելի դարձնելու: Ան յոյս յայտնեց, որ յայտագիրը ղեկավարութեան հանդէպ յաւելեալ յոյս եւ վստահութիւն ներշնչէ ժողովուրդին:

http://www.voiceofvan.net/content/pats-knnargoum-01102015-enger-hagop-pakradouni

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Կը Գտնուի Փափա Քիւնցլերի Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Մամետեարով Պատասխանած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.