Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Տիգրան Պէօճէքեանի Արտասանած Խօսքը

September 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

tou-4_9-27-15Այսօր հոս հաւաքուած ենք յիշելու, ոգեկոչելու յիշատակը բոլոր այն նահատակներուն, որոնք ինկան քառասուն տարի առաջ ծայր առած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Չենք կրնար այդ օրերը յիշել առանց անդրադառնալու մեր համակիրներու յանդուգն եւ անձնազոհ աշխատանքի մասին: Չենք կրնար այդ օրերու մասին պատմել` առանց յիշելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (Թրատի պարագային «Շուշանիկ» մասնաճիւղը) եւ տակաւին նոր հիմնուած ԼԵՄ-ը` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը («Նիկոլ Դուման» կոմիտէի պարագային «Դրօշակ» մասնաճիւղը): Անոնցմէ շատեր զոհուեցան այս թաղերուն մէջ, իսկ ոմանք երկար ժամանակ շրջանէն ներս կատարելէ ետք իրենց պարտականութիւնը, գացին զոհուելու Լիզպոն կամ Արցախ: Կարելի չէ չյիշել անշիրիմ մնացած մեր նահատակները, ինչպէս ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը, Կարօ Գոլանճեանը, Աբօ Աշճեանը, Վիգէն Պետրոսեանն ու Յակոբ Պարսումեանը:

«Նիկոլ Դուման» շրջանին մէջ կային պահակութեան  քանի մը կեդրոններ եւ դիրքեր`, քաղաքապետարանի շէնքերու կեդրոնը, Մախֆար Հաժը, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի ակումբը, որ ճանչցուած էր Մուխթար Սահակ անունով եւ Կիլիկեան վարժարանի դիրքը:

Պատերազմի շրջանին, ինչպէս ամէն տեղ, պահակութեան աշխատանքները սկսան նաեւ «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ, որմէ ետք կամաց-կամաց տարածուեցաւ: Պահակ տղաքը չունէին միայն պահակութեան պարտականութիւն, այլ ունէին նաեւ վիրաւորներու կամ հիւանդներու դէպի հիւանդանոց տանելու պարտականութիւնը, ուտեստեղէն կամ դեղորայք բաժնելու աշխատանքը: Անոնք կը հասնէին հոն, ուր պէտք էր: Անշուշտ այդ աշխատանքներու ընթացքին շատեր ինկան վիրաւոր կամ նահատակ, որոնց առջեւ կը խոնարհինք: Մեր տղաքը չհասան միայն հայուն, այլ հասան նաեւ օտարին` առանց որեւէ կրօնական խտրութեան: Պարտք կը զգամ նաեւ խոնարհիլ այդ օրերու պահակ տղոց մայրերուն առջեւ, որոնք չէին քնանար, որպէսզի կարենան գիշերուան ուշ ժամերուն արթնցնել իրենց զաւակները պահակութեան պարտականութեան համար` անոնց հետ ղրկելով յաճախ օշարակ, թէյ կամ սուրճ: Ժողովուրդը ամբողջութեամբ հաւաքուած էր մեր ակումբներուն շուրջ` առանց կուսակցական խտրութեան, չվարանելով գերագոյն զոհաբերութիւններ կատարելու:

Որքան դժուար է քալել ընկերոջ մը դագաղին ետեւէն: Դուք քալեցիք, դուք ապրեցաք այդ բոլորը, յանձնեցիք հողին ձեր հարազատները միշտ երգելով մէկ երգ` «Վէրքերով լի ջան ֆետայի», իսկ ձեր սրտերը, ձեր հոգին հանդարտեցուց մէկ բառ` «նահատակ»: Իսկ այսօր, քառասուն տարի ետք, եկած ենք խոնարհելու բոլոր անոնց առջեւ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայահոծ թաղերը պաշտպանելու համար:

Կարծես հայուն ճակատագիրն է նահատակներ ունենալ մայր հայրենիքէն դուրս: Երէկ` Լիբանան, այսօր` Սուրիա, կ՛ապրին այն, ինչ որ մենք ապրեցանք, կը գործեն հաւաքաբար, ինչպէս մենք գործեցինք, կը վիրաւորուին, երբեմն կը նահատակուին ի սէր հայութեան, ինչպէս շատեր վիրաւորուեցան եւ նահատակուեցան հոս: Փա՛ռք ձեզի, որ ձեր կեանքը չխնայեցիք ի սէր հայութեան, ձեր արիւնով յագեցուցիք ծարաւ գետինը, որ մնանք մենք ու շարունակենք երթը:

Սիրելի՛ անձնուրացներ, ձեզի ալ ըսելիք ունիմ, որ տարիներ առաջ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան գրեց իր «Թաղումն քաջորդւոյն» բանաստեղծութեան մէջ.

Գնա՛, զրուցէ հայկազարմից մեծ որդւոց
Որ կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ հայեր
Որոնք իր բիւր պատերազմաց թէպէտ խոց
Ի ժայռ կանգուն են կեցել:

Փա՛ռք ձեզի, փա՛ռք ձեր մայրերուն, որ ծնունդ տուած են ձեզ պէս քաջերու:

Նախորդը

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Ժաք Յակոբեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.