Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգին Խոնարհ Ծառայ Ռոպէր Շիրինեանի Յիշատակին

September 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Robert-Shirinian_9-24-15Քառասուն օրեր առաջ` 16 օգոստոս 2015-ին Պէյրութէն հասած բօթ մը ցնցեց դամասկահայութիւնը. կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք մահացած էր Ռոպէրը` բոլորին ծանօթ Շիրինեան Ռոպէրը: Ո՞վ  չէր ճանչնար այն ծառայասէր, ճարպիկ, զուարճախօս եւ սրտի մօտիկ ոսկերիչը` որուն խանութը, անոր Դամասկոս ապրած շրջանին, դարձած էր բոլոր կարիքաւորներու եւ խրատ ու ցուցմունք պէտք ունեցող հայորդիներուն կեդրոնը:

Ռոպէրը ծնած էր 1944-ին կեսարացի Նազարէթ Շիրինեանի ընտանիքին մէջ, ինչպէս իր սերնդակիցներու մեծամասնութիւնը, Ռոպէրը եւս կանուխէն նետուած էր գործի ասպարէզ` կիսատ ձգելով իր ուսումը, իր աշխատասիրութեան, ճարպիկութեան եւ պարկեշտութեան շնորհիւ շուտով հասած էր մեծ յաջողութեան ու նախանձելի դիրքի` շուկային մէջ դառնալով փնտռուած անուն: Ինչպէս տեղացիները` նոյնպէս ալ արաբական այլ երկիրներէն Դամասկոս զբօսաշրջութեան թէ գործով եկողները թուղթի մը վրան անոր անունն ու հասցէն ունենալով ուղղակի կ՛ուղղուէին իր մօտ` իրենց գնումները կատարելու:

Այս յաջողութիւնները սակայն երբեք չփոխեցին անոր նկարագիրը, ան միշտ ալ մնաց նոյն ծառայասէր եւ մնայուն կերպով ծանօթին ու անծանօթին օգտակար դառնալու պատրաստ Ռոպէրը:

1980-ին կը գտնէ իր կեանքի ընկերը` յանձինս ազնիւ տիկին Մելվինա Տիշչեքենեանը, որուն հետ կը կազմէ պատուական հայ ընտանիք մը, լոյս աշխարհ բերելով երեք զաւակներ` Մարկրիթ, Նազարէթ եւ Կարէն, որոնք հասակ նետեցին հայկական միութիւններու յարկին տակ:

Յատկանշական եղած է Ռոպէրին Ազգային Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին մէջ ծառայած շրջանը: Արդարեւ, ան նուիրատուութեան եւ բարեսիրութեան նոր իմաստ եւ հասկացողութիւն տուաւ, երբ առաջարկեց ֆոնտ մը յառաջացնել` գնելու համար վարժարանի շէնքը, որուն տարեկան վարձքը հերթական յաւելում կրելով կը ծանրաբեռնէր վարժարանին նիւթական վիճակը:

Այս առաջարկը օրուան պատասխանատուներուն կողմէ անիրատես եւ գաղութի կարողութիւններէն շատ վեր սեպուեցաւ, բայց Ռոպէրին գործի հանդէպ հաւատքը եւ յաջողելու վճռականութիւնը մեծ էին: Ծրագիրին թափ տալու համար գաղութին մէջ նախընթաց չունեցող իշխանական նուիրատուութիւն մը խոստացաւ, ինչ որ քաջալերեց այլ ազգայիններ եւս. իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններէն վեր նուիրատուութիւններ կատարելով` իրականացաւ Ռոպէրին երազը, Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնը սեփականատէրը դարձաւ դպրոցի շէնքին:

Ռոպէրին վճռականութիւնը եւ գործին յաջող աւարտը համոզեց դամասկահայութիւնը, թէ կամենալը կարենալ է, եւ այդ օրէն սկսաւ հաւատքով նոր ծրագիրներ մշակել ու յաջողութեան հասնիլ:

1995-ին Ռոպէր գործի բերումով ընտանիքով կը փոխադրուի Պէյրութ, բայց ան երբեք չկտրուեցաւ իր արմատներէն, այլ հոգիով ու սրտով կառչած մնաց Դամասկոսին, մօտէն հետեւեցաւ  անոր լուրերուն եւ շարունակեց իր մասնակցութիւնը բերել նոր ծրագիրներուն:

Փառք քեզի, սիրելի՛ Ռոպէր, ազգային բարերարի քու տիտղոսդ քանդակուած պիտի մնայ իւրաքանչիւր դամասկոսահայու մտքին մէջ, քու մօտեցումդ ազգային կառոյցներու կարիքներու հանդէպ նոր համոզում յառաջացուց Դամասկոսի մէջ, եւ ունեցար արժանի հետեւորդներ, որոնց ջանքերով ալ կարելի եղաւ իրականացնել Ազգային Համալիրի նման մեծ ծրագիր մը:

Ննջէ հանգիստ, դուն քու ընտանիքիդ ու ազգիդ հանդէպ կատարած ես ամբողջական պարտականութիւններդ, խիղճդ հանգիստ պիտի մնայ միշտ:

Քու քառասունքիդ առթիւ կ՛աղօթենք, որ Ամենակալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հոգիդ եւ ընտանեկան պարագաներդ Սուրբ հոգիով մխիթարէ:

Յարգանք յիշատակիդ եւ վաստակիդ:

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Դպրաց Վկայագիրներու Բաշխում` Ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Յաջորդը

«Փըթի Ներսէսը Կը Ճանչնայի՞ր…»

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.