Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 23, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ Ապտալլա Բ. թագաւորը ուխտագնացութեան համար մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հանդիպումին ընթացքին անոնք պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող հարցեր եւ տարբեր մարզերուն մէջ այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու միջոցները: Անոնք նաեւ պիտի քննարկեն արաբական եւ շրջանային բեմի զարգացումները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ապահովական հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը կիրակի ուշ գիշերին նիստ մը գումարելով որոշած է Կազայի դէմ լայնածաւալ ցամաքային գործողութիւն մը չկատարել` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ Եգիպտոսի մէջ կրնան տեղի ունենալ բազմամարդ ցոյցեր, որոնք կրնան եգիպտական վարչակարգը ցնցել: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշած է Կազայէն հրթիռարձակումներուն աւելի լայնածիր գործողութեամբ մը չհակադարձել:

ՊԱԿ-ի գործադիր մարմինի անդամ, պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի ամրապնդումը կը վայելէ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ամբողջական զօրակցութիւնը, եւ պէտք է ամէն ճիգ թափել անոր յարատեւումը ապահովելու համար:

ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր իրանցի պաշտօնակից Ալի Աքպար Սալեհիի հետ եւ յայտարարեց, որ «Ռուսիա Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար Թեհրանի որդեգրած նոր քայլերուն նկատմամբ գոհունակութիւն կը զգայ»: Սալեհի իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը ուշադիր կերպով կը սերտէ իրանեան հիւլէական տագնապին լուծման ռուսական առաջարկը:

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.