Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Իսկական Հերոսները (2)

September 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Խորհրդային տարիներուն հաշմանդամ կամ մտաւոր խնդիրներ ունեցող երեխաներու կրթութիւնը կը կազմակերպուէր յատուկ, գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ: Ինչպէս որ ընթերցող մը դիտել կու տար ինծի իր ուղարկած նամակով, հաշմանդամներն ու այլ խնդիրներ ունեցող երեխաները այս ձեւով կը մեկուսացուէին հանրութենէն, անոնք փողոցներուն մէջ չէին երեւեր: Զրկուած էին տեղափոխուելու հնարաւորութենէն, փոխադրամիջոցները, ճամբաները, հանրային ու բնակելի շէնքերը, դպրոցներն ու մարզադաշտերը, հիւանդանոցներն ու դահլիճները չունէին հաշմանդամներուն համար կառուցուած յատուկ հարթակներ, լուացարաններ եւ նստարաններ: Մարդոց վերաբերմունքն ալ քաջալերական չէր, մանաւանդ` գիւղական շրջաններու մէջ, ուր հաշմանդամութեան կ՛ընկերակցէր ամօթի խարանը:

Երկրաշարժէն ու մանաւանդ անկախութենէն ետք գտնուեցան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք ուզեցին կոտրել քարացած մտայութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւններ կազմելով` սկսան պայքարիլ հաշմանդամութիւն ունեցող քաղաքացիներու կրթական, ընկերային եւ ներառման իրաւունքներուն համար:

Գործիս բերումով Արմաւիր քաղաքին մէջ ծանօթացայ Արտիոմին` «Արեւի շող» կազմակերպութեան ղեկավարին: Արտիոմը 2002-ին աւարտած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը եւ իբրեւ հայկական բանակի մոթոհրաձգային սպայ, կը ծառայէր հայ ազրպէյճանական սահմանին: Գիշեր մը, մարտական առաջադրանքը կատարելու ընթացքին, թշնամիի գնդակներէն կը վիրաւորուի Արտիոմի զինուորներէն մէկը: Անկարելի էր վիրաւոր հայ զինուորը թողուլ ինկած, որքան ալ դժուար ըլլար փրկութեան գործողութիւնը: Արտիոմ կը նետուի առաջ եւ իր զինուորներուն հետ, ազրպէճանական կողմէն եկող գնդակներու տարափին տակ կը յաջողի փրկել վիրաւոր հայ մարտիկը: Վերջին պահուն, սակայն, երբ գործողութիւնը գրեթէ աւարտած էր, թշնամիին կրակոցներու տեղատարափէն կը վիրաւորուի Արտիոմը, մէջքէն …

Այսօր Արտիոմը հաշմանդամ է, շարժունակութիւնը` սահմանափակ ու միայն սայլակով: Բայց անշարժունակութիւնը Արտիոմին համար անգործութիւն չի նշնակեր: Ան իր ճակատագիրը անիծողներէն չէ ու ինքզինք չէ մեկուսացուցած հանրութենէն: Իր կազմակերպութեան միջոցով եւ իր նման այլ երիտասարդներու հետ գիշեր¬ցերեկ կը պայքարի, որ հաշմանդամութիւն ունեցող քաղաքացիները օժտուին տեղաշարժուելու, կրթութիւն ստանալու, աշխատելու եւ արժանապատիւ կեանք ապրելու հաւասար հնարաւորութիւններով: Իր եւ իրեն նմաններու տարած տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ է, որ բազմաթիւ օրէնքներ փոփոխութիւններու ենթարկուած են` հաշուի առնելով սահմանափակ հնարաւորութիւններով քաղաքացիներու իրաւունքները: Ներառական կրթութիւնը այսօր Հայաստանի կրթական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ, առեւտրային եւ այլ ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ նախարարութիւններ ու պետական գրասենեակներ սկսած են հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց աշխատանք տալ, Երեւանի փողոցներու վերանորոգութեան ատեն յատուկ հարթակներ կը կառուցուին: Բայց դեռ երկար ճամբայ կայ կտրելիք` պէտք է փոխել մարդոց ու հասարակութեան մտայնութիւնը եւ ասիկա դիւրին  աշխատանք չէ:

Արտիոմը անցեալին կը կռուէր  թուրքին դէմ` Հայաստանի սահմանները անառիկ պահելու համար: Այսօր կը պայքարի Հայաստանի մէջ` հաշմանդամութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:  Հերոսութիւնը սահման չի ճանչնար. այսպէս կը մտածեմ, ամէն անգամ, որ տեսնեմ Արտիոմը: Ու միշտ կը յիշեմ իր զօրաւոր անհատականութեան ընկերացող բարի ժպիտն ու կատակասէր խօսքերը` «Ես այնքա՜ն աղա եմ, որ ուզում եմ աշխարհում միակ հաշմանդամը լինել»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Կրկին Լարուած Է

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.