
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ու ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հետ եւ դրուատեց անոնց ջանքերը` կիրակի օրուան ցոյցին համար անոնց որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն եւ կայունութեան պահպանումին համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան գաղթականներու հարցերու նախարար Աքրամ Շեհայէպը: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կողմէ որդեգրուած քայլերը` լուծելու համար լիբանանցի գաղթականներուն դիմագրաւած հարցերը:


