Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

August 23, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

«ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ
ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ վերջերս բացումը կատարուած է մատենադարանի մը, որ կը կրէ կաթողիկոս-պատրիարք կարտինալ Աղաճանեանի անունը:

Մատենադարան-թանգարանի գաղափարն ու ձեռնարկը կը պատկանին դպրոցին մեծաւոր` Ներսէս Ծ. վրդ. Սէթեանի, որ իր մեծագոյն բարերարը գտած է յանձին կարտինալին:

Մատենադարանը օժտուած է արդիական հնարաւորութիւններով ու պահարաններով եւ կրնայ մրցիլ Հռոմի առաջնակարգ մատենադարաններուն հետ: Գրադարանը 50 հազար հատորի տեղ ունի եւ կը գրաւէ վեցյարկանի շէնքին ամբողջ մէկ թեւը: Գրադարանը ունի ընթերցասրահ մը, ուր ապակեզարդ պահարաններու մէջ ցուցադրուած են այն թանկարժէք նուէրները, զորս Ծիրանաւոր պատրիարքը ստացած է իր ճամբորդութիւններու ընթացքին:

Մատենադարանը արդէն կապ հաստատած է Հայաստանի եւ արտասահմանի հրատարակչական տուներուն հետ:

ՆԱՐՊԷՅԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ

Փարիզի մէջ անհատական նախաձեռնութեամբ սկսած է հրատարակութիւնը Խորէն արք. Նարպէյի «Քրիստոնէական ուսուցում» խորագիրով գիրքին: Գիրքը պիտի օգտագործուի իբրեւ դասագիրք հայ ընտանիքներուն եւ նորահաս սերունդին համար:

Ձեռնարկը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Եւրոպայի թեմի հայրապետական պատուիրակ Սերովբէ եպիսկոպոս Մանուկեանի:

ՀԱՅՈՐԴԻԻ ՄԸ ՄԵԾ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսէն քանի մը տարի առաջ ընտանեօք Ամերիկա հաստատուած տասնվեց տարու հայորդի մը` Արտաւազդ Յովնանեան, որ կը յաճախէ Նիւ Ճըրսի նահանգի Վուապրիճ քաղաքի վարժարանի տասներորդ դասարանը, վերջերս մասնակցած է վարժարանի վիճաբանական քննութեանց եւ մասնակցող տասնութ աշակերտներու մէջ առաջնութիւն շահելով պարգեւատրուած է Միտըլ սեքսի Փաստաբանական կաճառի կողմէ տրամադրուած ոսկեայ մետալով եւ արծաթեայ բաժակով: Արտաւազդ Յովնանեան շահած է վարժարանին զմրուխտէ խորհրդանշանը, եւ բուռն ընտրապայքարէ մը ետք, վարժարանին 1961-1962 տարեշրջանին Բ. դասարանի աշակերտներու նախագահ ընտրուած է, 1800 աշակերտներու մէջ: Այս ընտրութիւնը քաղաքի թերթերուն կողմէ գրուած է, եւ հաւաքոյթներ կազմակերպուած են` հայորդին ժողովուրդին ծանօթացնելու համար:

Արտաւազդ Յովնանեան ընտրուած է նաեւ (տարեկան մէկ օրուան համար) կառավարութեան «իրաւական խորհրդական» քաղաքին վերաբերեալ գործերու մէջ, ինչպէս նաեւ` դարձեալ մէկ օրուան համար, մշակութային տնօրէնութեան առաջին քարտուղար:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 911 22/08/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԹԹՈՒԱԾԻՆԻ ՀԵՏ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՅԱՏՈՒԿ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՓՐԿԵԼ ՍՐՏԻ ՈՐՈՇ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԾՆԱԾ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ԿԵԱՆՔԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.