Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆութպոլային Խեղկատակութիւն

September 9, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Ֆութպոլիստներու փոխանցման սակարանին մէջ մրցանիշ հաստատուեցաւ այս ամառ: Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգը կրկին գլխաւորեց Եւրոպայի մէջ ֆութպոլի յառաջատար երկիրներու ցուցակը` Անգլիա, Սպանիա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա: Այս հինգ երկիրներուն մէջ այս ամառ նոր մարզիկներ գնելու համար ծախսուեցաւ աւելի քան 3 երկիլիոն (միլիառ) տոլար: Այսինքն անցեալ ամառ ծախսուած գումարէն 31 առ հարիւր աւելի, որ ինքնին նոյնպէս մրցանիշ է: Այդ գումարին խոշոր պատառը` 1,15 երկիլիոն եւրօ կու գայ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ակումբներէն, 575 միլիոն եւրօ` Իտալիայէն, 503 միլիոն եւրօ` Սպանիայէն, 393 միլիոն եւրօ` Գերմանիայէն եւ 303 միլիոն եւրօ` Ֆրանսայէն:

Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի մարզիկները աւելի աշխատավարձ կորզեցին (ընդհանուր 534 միլիոն եւրօ), քան Եւրոպայի միւս երկիրներու ախոյեանութեանց մասնակցող ֆութպոլիստները: Իսկ Գերմանիոյ մէջ մարզիկներու վաճառքի գումարը 243 առ հարիւր յաւելում արձանագրեց` հասնելով 466 միլիոն եւրոյի:

Ֆութպոլիստներու փոխանցման պատմութեան մէջ այս վերջին երկու ամիսներուն պատահածները աննախընթաց եւ զաւեշտալի էին, ուր գլխաւոր բացակաները… մարմնամարզը եւ արժանապատուութիւնն էին:

Անգլիացի քսանամեայ մարզիկը, որ բարձրագոյն դասակարգին մէջ հազիւ 100 մրցում խաղցած է, շուրջ 67 միլիոն եւրօ արժեց: Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը ամէնուն հետ առնչուեցաւ: Անոնց բերդապահին կտոր մը ուղեղին հետ խաղաց Ռէալ Մատրիտը: Մարզիկներ իրենց ակումբներուն փոխանցման պահանջներ ներկայացուցին, զարմանալի արագութեամբ ետդարձներ, «միտք փոխելներ» տեղի ունեցան եւ Բրիտանիոյ պատմութեան ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը նաւ ցատկեց` անվերադարձ Փարիզ մեկնելու:

Յստակ է, որ արտաքին հետաքրքրութիւնը մարզիկին համար նոր, աւելի իւղոտ համաձայնագիր մը կ՛ապահովէ իր ակումբին մէջ: Ռամոսին պարագան այդպէս եղաւ, այլ ակումբ մը փոխանցուելու մասին լուրերէն ետք, 5 տարուան նոր պայմանագիր մը ստորագրեց եւ յայտարարեց. «Իմ սիրտս եւ գլուխս միշտ Ռէալ Մատրիտին հետ եղած է»… գրպանին մասին ակնարկութիւն չըրաւ…

Արտաքին հետաքրքրութիւնը շատ յաճախ կը խանգարէ կեդրոնացումը եւ խաղարկութիւնը մանաւանդ երիտասարդ, կանուխ եւ արագ հարստացած մարզիկներուն, որոնց տրամաբանութիւնը սխալ ուղղութեամբ կը գործէ:

Մարզիկներու այն յայտարարութիւնները, թէ իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց ակումբին, ոչինչ կը նշանակեն: Նոյն օրն իսկ այլ ակումբի մը հետ կրնան համաձայնիլ: Համաձայնագիր կնքելն ալ իմաստ չունի: Փառք Տիրոջ, այս ամառ այդպիսի օրինակները վխտացին…

Մարզիկները, անոնց ընչաքաղց գործակալները, ակումբները, գրաւի ընկերութիւնները խոշոր գումարներով կը խաղան: Իսկ խոշոր գումարներուն անպայման կը յաջորդէ փտածութիւնը, որովհետեւ դրամին հետ խաղացողը մատը բերանը կը տանի…

Յառաջիկայ տարուան նորութիւններուն պատրաստ եղէք, ցը՛:

 

 

Նախորդը

Արթուր Ալեքսանեան` Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.