Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ`. Պաքուն Որդեգրած Է Իրավիճակը Պատերազմականին Մօտեցնելու Մարտավարութիւն

September 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hayd_9-06-15

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Առաջնային գիծին վրայ ազրպէյճանական զինուորական ուժերուն կողմէ ձեռնարկուող սադրիչ գործողութիւններուն յաճախականութիւնը եւ այդ ընթացքին կիրարկուող զինատեսակներու քանակական ու որակական աճի աշխուժութիւնը  կը փաստէ, որ Պաքուն, յանձինս իր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, որդեգրած է իրավիճակը պատերազմականին մօտեցնելու յանցաւոր մարտավարութիւն»:

«Վերջին շրջանին հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ տեղ գտնող զարգացումներն ու անոնց զուգահեռ իրականացուող ռազմաշունչ յայտարարութիւնները ըսուածին վկայութիւնն են: Այսօր արդէն Ազրպէյճանը ոչ թէ, ինչպէս նախապէս էր, սեփական քարոզչութեամբ կը փորձէ իր իսկ կողմէ ձեռնարկուող նախայարձակ գործողութիւնները մատուցել իբրեւ հայկական կողմին ուղղուած պատասխան քայլեր, այլ  տարբեր տրամաչափի հրետանային, հեռահար հրթիռահրետանային եւ հրաձգային զէնքերէ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ պարբերաբար իրականացուող արկակոծումներն ու գնդակոծումները բացայայտ լկտիութեամբ կը ներկայացնէ միայն իր զինուորական  կարելիութիւնները ցուցադրելու մարտավարական ու ռազմավարական կարեւորութեան մտայղացման իրագործում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ, որ «Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած այդօրինակ գործելաոճը ոչ միայն պատճառ կը դառնայ չարդարացուած ու անդառնալի կորուստներու, այլ դէպքերու նման զարգացման շարունակականութեան խորացումը հաւանական է, որ յանգեցնէ անկանխատեսելի հետեւանքներու»:

«Մեկնելով վերոնշեալէն` Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը կը տեղեկացնէ ինչպէս Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, այնպէս ալ Ղարաբաղ-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման հարցով  զբաղող միջազգային կառոյցներուն, յատկապէս` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, որ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղ գտնող հետագայ սրացումներուն եւ անոնցմէ բխող հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ  ազրպէյճանական կողմը», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թուրք Նախարարին Դէմ Դատական Բողոք

Յաջորդը

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Զոհուած Զինուորական Ծառայողներու Յիշատակին

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.