Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Ատենապետ Վիքի Մարաշլեան Ներկայ Գտնուեցաւ Աւստրալիոյ Միաւորի Յիսնամեակի Տօնակատարութեան

September 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
PR042_20150831_Att1
Տօնակատարութիւն` Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ:

ՀՕՄ-ի աւելի քան հարիւրամեայ համահայկական գործունէութեան մէջ կէսդարեայ ներդրում ունեցող Աւստրալիոյ միաւորը անցնող օրերուն հանդիսաւորապէս նշեց իր հիմնադրութեան յիսնամեակը: Տօնակատարութեան առթիւ Աւստրալիոյ Հայ օգնութեան միութեան Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, յուլիս 25-է 3 օգոստոս, 2015, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան այցելեց շրջան:

Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ  օգոստոս 2015-ին կայացած յիսնամեակի տօնակատարութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ներկաներուն փոխանցեց ՀՕՄ-ի պատգամը: Խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներուն եւ միութեան առաքելութեան:

«Երկար տասնամեակներու ընթացքին հայ ժողովուրդը երբեք չէ զլացած իր օժանդակութիւնը Հայ օգնութեան միութեան` նեցուկ կանգնելով եւ հաւատալով անոր տեսլականին, համահայկական բնոյթին ու էութեան: Այսօր եւս կը մնանք նո՛յն հաւատքին վրայ, որովհետեւ այն, ինչ որ ստացած ենք ժողովուրդէն, վերադարձուցած ենք ժողովուրդին` հոն ուր կարիքը կար:

ՀՕՄ-ը արդէն թեւակոխած է նոր դարաշրջան մը: Հիմա՛ ժամանակն է արդի հարիւրամեակի տեսլականով ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնել եւ նոր ուժերով շարունակել միութեանս առաքելութիւնը: Բոլորի՛ս յայտնի ՀՕՄ-ի կամաւոր բանակին աշխատանքի արդիւնքին հետեւելով` պարտի՛նք քաջալերել եւ գործի մղել հայ երիտասարդ տարրը եւ տարածել մեր միութեան ոգին, ամէնուրե՛ք: Վերջապէս, այսօրուան այս ձեռնարկը մեզի համար յաղթանակի ձեռնարկ է, որովհետեւ ան կու գայ փաստելու, թէ հակառակ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ մեր դիմագրաւած բոլո՛ր մարտահրաւէրներուն` այս կազմակերպութիւնը այսօր աշխո՛ւժ եռանդով կը շարունակէ իր աշխատանքը աւելի մեծ թափով եւ նուիրումով, իր շուրջ հաւաքելով նոր երիտասարդ ուժեր եւ տալով այն երաշխիքը, թէ պիտի բոլորէ նոր հարիւրամեակներ ՀՕՄ-ականի վերանորոք հաւատքով», ըսաւ Մարաշլեան:

Նոյն ժամանակաշրջանին, տեղւոյն Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄ-ի անդամներու ընկերակցութեամբ, Մարաշլեան հանդիպումներ ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանին,  համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն Ճեմարանի տնօրէնութեան հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան գաղութը յուզող հարցեր եւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը: Միաժամանակ բարձր գնահատուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան գործունէութիւնը` տեղական թէ՛ հայկական մակարդակներու վրայ:

Գործիչային այցելութիւններու ծիրին մէջ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ներկայ եղաւ Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի միջվարչական ժողովին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս հանդիպումներուն ընդմէջէն կարելի եղաւ մօտէն ծանօթանալ միաւորին գործունէութեան ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

 

Նախորդը

Մերձեցումի Կարելին Ու Անկարելին. Լեզուաբանական- Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր

Յաջորդը

Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.