Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Սառցահալը Սկսա՞ւ

September 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Անկախութեան սկիզբին սփիւռքի հայախօս շրջանակներուն մեծագոյն յոյսն էր, որ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը եռագոյնին եւ զինանշանին կողքին պիտի վերականգնէ դասական ուղղագրութիւնը` իբրեւ հաշտութեան ամբողջական նշան իր ժառանգութեան հետ, կամրջելով առաջինին, որ հռչակուած էր եւ ձեռք բերուած` անասելի ողբերգութիւններու եւ սխրանքներու գնով: Սակայն յուսախաբութիւնը մեծ էր: Եւ երթալով` դիրքերը այնքան կարծրացան, որ որքան այդ մասին խօսուէր, այնքան աւազախրումը կը մեծնար:

Մինչ այդ Հայաստան-սփիւռք 5 համագումարներ կայացան, ոչ մէկը իր օրակարգին մէջ ընդգրկեց այդ նիւթը` Հայաստանի պետական իշխանութիւններու կողմէ դրուած արգելքին պատճառով: Եւ ահա 25 տարի անց, անակնկալ կերպով, սփիւռքի նախարարութեան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Լեզուի հիմնարկին կողմէ կը յայտարարուէր «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ»-ու շուրջ գիտաժողով, որուն յուլիս 29-30, Երեւանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան դահլիճին մէջ:

Գրեթէ քառորդ դար պէտք եղաւ, որ առաջին քայլը առնուի: Այս նախաձեռնութիւնը որքան ալ զգուշութեամբ եւ նոյնիսկ կասկածով դիմաւորուի սփիւռքի կարգ մը մտաւորական շրջանակներու կողմէ, պէտք է ողջունել եւ քաջալերել, որպէսզի անկեղծ երկխօսութեան միջավայր ստեղծուի: Կարծրատիպերը այնքան շատ են, որ զգուշութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ շուտափոյթ խանդավառութիւնը` անտեղի, որովհետեւ խրամատը շատ մեծ է յատկապէս խորհրդային գրելաձեւի պաշտպան հանդիսացող լեզուագէտներուն եւ սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ շուտափոյթ լուծում պահանջող ճակատներուն միջեւ:

Սակայն, առ այսօր, կարելի է ըսել, որ յետ երկօրեայ քննարկումներու` կարգ մը խնդիրներ յստակ բանաձեւում ստացան: Առաջին` երկու լեզուաճիւղերու ինքնուրոյն կարգավիճակը, անոնց բնական հոլովոյթով յառաջխաղացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` խուսափելով բռնազբօսիկ հրամանագրային լուծումներէ: Երկրորդ` իւրաքանչիւր գրական լեզուաճիւղ ինքն իր ուղղագրական օրէնքներու ներքին տրամաբանութեան մէջ ունի խորթութիւններ, որոնք կարելի է դիւրութեամբ հարթել տուեալ լեզուաճիւղի լեզուագէտներու կողմէ համակարգուած քննարկումէ ետք: Երրորդ` կեանքի կոչել յատուկ «Լեզուի բարձրագոյն մարմին», կազմուած Հայաստանէն եւ սփիւռքէն լեզուագէտներէ, ուսումնասիրելու համար յատուկ անուններու, ժամանակակից եզրաբանութեան եւ այլ լեզուական խնդիրները:

Սուրիահայ տագնապը իր ողբերգական բոլոր հետեւանքներով ունեցած է իր բախտորոշ դերը լեզուներու մերձեցման կալուածէն ներս: Այսօր Երեւանի փողոցներուն մէջ, տարբեր անկիւններու, թաղամասերու մէջ շատ բնական կը թուի արեւմտահայերէն լսելը: Ուրեմն, Հայաստան նաեւ արեւմտահայերէնի՞ հայրենիք: Համոզումը կայ կարգ մը շրջանակներու մօտ:

Ամէն պարագայի, անմիջական շփումը կարեւոր ազդակ է լեզուաճիւղերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու եւ սփիւռքի մէջ տարածուած արեւմտահայերէնի ժառանգութեան նկատմամբ ալ յաւելեալ ուշադրութիւն ընծայելու առումով: Անոր, իմա` արեւմտահայերէնի հարիւրամեայ յարատեւումը առիթ է նաեւ Հայաստանէն դուրս ստեղծուած արեւելահայ նոր համայնքներուն համար` դասեր քաղելու անոր փորձէն:

Հարիւրամեակին, քաղաքականացած բազմաթիւ ոգեկոչումներէ եւ հանդիսութիւններէ ետք, վերջապէս ազգային կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի ազգային մեծ ողբերգութիւն մը սրբագրել: Նախաձեռնութիւն մը, որ ունի մշակութային, ազգային, գաղափարական էական նշանակութիւն` տուեալ խնդրին համար, որուն լուծումը կախեալ է ոչ այս կամ այն միջազգային կազմակերպութենէն, կամ այս կամ այն գերտէրութենէն, այլ` լոկ հայութենէն: Ունկնդրելէ ետք գիտաժողովին տրուած զեկոյցները, կարելի է անկասկած ըսել, որ կա՛յ քաղաքական կամք` անշարժութեան մատնուած լեզուական կալուածը շարժելու: Արդիւնքը կախեալ է նաեւ եւ յատկապէ՛ս մասնակիցներու նախանձախնդրութենէն եւ մանաւա՛նդ պետութեան հեռանկարային գիտակցութենէն:

 

Նախորդը

Ա՜խ Այս Լեզուն, Լեզո՜ւն. Յաղագս Մերձեցման

Յաջորդը

Կարանտին*

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.