Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ «Աւազակային Խաղ»-ին Մերկացումը

September 1, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dundar_9-01-15

Ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթը 16 օգոստոսին հրատարակած է թրքական «Ճումհուրիյէթ» ձախ-կեդրոն թերթի տնօրէն, 54 տարեկան լրագրող Ճան Տունտարի հարցազրոյցը Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ, Ա.) «Նեւրոզ» թերթին հետ («Նեւրոզ» պարսկերէն` Նոր տարի):

Թուրքիոյ նախագահը հրապարակաւ կը սպառնայ լրագրողին, քանի որ բացայայտած է, որ Թուրքիա զէնք տուած է «ժիհատական»-ներուն: Լրագրողը գոհունակութեամբ կ՛արձանագրէ, որ ինք իր պարտականութիւնը կատարած է, մինչ թրքական միւս լրատուամիջոցները դարձած են իշխանութեան բանբերները:

Լրագրողին կը սպառնայ երեսուն տարուան բանտարկութիւն` «պետական գաղտնիքներու հրապարակման» եւ «լրտեսութեան մեղադրանքով», իր թերթին մէջ լոյս ընծայած ըլլալով լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան յունուար 2014-ին թրքական սպասարկութիւններու կողմէ զէնքերու յանձնումը «ժիհատական»-ներուն: Լրագրողը ստացած է «Հոմերոս» մրցանակը: Կը վերլուծէ 2002-էն ի վեր իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան քաղաքականութիւնը եւ մարդկային իրաւանց վիճակը երկրին մէջ եւ պատերազմի սաստկացումը` քիւրտ ազատամարտիկներուն դէմ:

ՀԱՐՑՈՒՄ. «Նախագահը յայտարարած է, որ թոյլ պիտի չտայ, զինք պիտի հետապնդէ եւ ինք պարտաւոր է հատուցել»: Մտահո՞գ էք:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լրագրողի պարտականութիւնն է հրապարակել տեղեկութիւնները, զորս իշխանութիւնները կը փորձեն թաքցնել: Չէինք կրնար լռութիւն պահել, երբ իմացանք, որ թրքական գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) բեռնատարները զէնքեր կը փոխադրէին Սուրիոյ «ժիհատիստ»-ներուն համար: Մեզի համար որոշիչ է ճշմարտութիւնը: Ցոյց տուած ենք, թէ ինչպէս ոմանք պատերազմի պատճառ կ՛ըլլան: Կը խորհինք, որ հանրային կարծիքը տեղեակ պէտք է ըլլայ ամէն բանէ, իշխանութեան եւ անոր գործերուն մասին, անոնք ըլլան օրինաւոր թէ ապօրէն: Կը թուի, թէ Էրտողան կը հետեւի ինծի: Երբ հոս կու գայի, ետեւս նայեցայ, ոչ ոք կար, բայց կրնայ ըլլալ, որ իր ոստիկանները կը հետեւին ինծի: Ես իմ արհեստս ըրի, մինչդեռ ինք ըրաւ բաներ, որոնք պէտք չէր որ ըլլային: Այս պատճառով ալ ես զինք պիտի հետապնդեմ, ես կ՛ուզեմ, որ օր մը ինք վճարէ իր արարքներուն հաշուեցոյցը: Ամէն օր կը կրենք հետեւանքները Սուրիոյ իսլամական արմատականներուն տրուած օգնութեան: Զինուորներ, ոստիկաններ քաղաքայիններ եւ քիւրտ զինեալ շարքայիններ կը մեռնին ՔԱԿ-ի դէմ շղթայազերծուած գործողութիւններու ընթացքին: Ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ բացի Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն… Հոս` Թուրքիոյ մէջ, արգիլուած չէ ահաբեկիչներու գաղտնի զէնք ուղարկել, բայց արգիլուած է հրապարակել նման տեղեկութիւն: Էրտողան ինձմէ աւելի դժուար կացութեան մէջ է: Ես կը դատուիմ իմ գրածիս համար, մինչ ինք օր մը պիտի դատուի, կը յուսամ, իր ըրածին համար: Ամբողջ աշխարհը ծանօթ է այն կապերուն, որոնք գոյութիւն ունին խաւարի ուժերուն եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ: Այս վերջինը կը խորհի, որ երբ մեզի սպառնայ, մենք կը լռենք, եւ ոչ ոք պիտի գիտնայ, թէ ի՛նչ կը պատահի (ընդգծ. Յ. Պ.):

Հ.- Թուրքիոյ մէջ լրագրութիւն ընելը հերոսութի՞ւն է:

Պ.-  Թրքական մեծ լրատուամիջոցները կը գործեն որպէս իշխանութեան բանբերներ, ուստի իրաւ լրագրողները կը թուին հերոսներ ըլլալ: Անոնք կը ձերբակալուին, կը բանտարկուին, երբեմն նոյնիսկ կը սպաննուին… Կը խորհիմ զաւակներուս ապագային մասին եւ ցանկամ, որ անոնք ապրին երկրի մը մէջ, ուր խաղաղութիւն կայ, ժողովրդավարութիւն, ազատութիւններ: «Ճումհուրիյէթ»-ի խմբագրութեան մէջ, ուր կ՛աշխատիմ, պատերը զարդարուած են մեր ողբերգութիւններու մասին մեր թերթերու վկայութիւններու պատմական առաջին էջերով: 24 յունուար 1993-ի համարը, այն օրը, երբ Ուղուր Մոմճու` իրաւագէտ, սիւնակագիր եւ հետախուզող լրագրող, սպաննուեցաւ իր ինքնաշարժին տակ դրուած ռումբով մը, ինչպէս անկէ երեք տարի առաջ, 6 հոկտեմբեր 1990-ին, կին աստուածաբան Պահրիյէ Ուչոք, թերթին աշխատակիցը, սպաննուեցաւ ականուած ծրարով մը: Կամ` 21 հոկտեմբեր 1999-ի համարը, երբ Ահմեթ Քիսլալի` քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, նախկին նախարար եւ սիւնակագիր, սպաննուեցաւ ռումբով մը: Բոլորն ալ անպատիժ մնացած ոճիրներ: Կամ` 21 մարտ 2008-ի դէպքը, երբ «Ճումհուրիյէթ հիմնադրամ»-ի նախագահ Իլհան Սելճուք ձերբակալուեցաւ կեղծ փաստերու հիմամբ, Էրկենեքոնի (ենթադրեալ դաւ ԱԲԿ-ի կառավարութեան դէմ, մեղադրելով բանակի բարձրաստիճան զինուորականներ, ծայրայեղ ազգայնականներ, քեմալականներ, խմբագրութիւն):

Հ.- Ձեր տոքթորականի նիւթը եղած է ահաբեկչութեան եւ լրատուամիջոցներու փոխյարաբերութիւնը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայ կացութիւնը:

Պ.- Թրքական լրատուամիջոցները ձախողած են այդ քննութեան մէջ… Ես ամօթ կը զգամ պաշտօնակիցներուս անունով: Այսօր Թուրքիոյ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ զինուորական տարազ հագած են զօրավիգ կանգնելու համար իշխանութեան` ՔԱԿ-ի դէմ մղած պատերազմին մէջ, առաջին էջի վերտառութիւններով եւ լուսանկարներով` լեցուն արիւնով, զէնքերով եւ ռումբերով: Հակառակ ասոր` յոռետես չեմ: Կը հաւատամ, որ մենք, դուք եւ ես, մեր բոլոր բարեկամները, պատերազմ չեն ուզեր, եւ մենք կրնանք միասնաբար խաղաղ լուծում մը գտնել քրտական հարցին: Իշխանութեան գարշապարին կապուած այս լրատուամիջոցները լռութիւն կը պահեն այն իրադարձութիւններուն մասին, որոնք կ՛անհանգստացնեն իշխանութիւնը: Օրինակ, չհրատարակեցին տեղեկութիւնները հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական գիւղի մը ռմբակոծման մասին, ուր բազմաթիւ քաղաքայիններ սպաննուեցան: Չեն խօսիր, չորս կամ հինգ օրէ ի վեր, թրքական բանակի զոհերուն մասին, քանի որ վարչապետը խնդրած է,  եւ հոս խնդրել կը նշանակէ հրահանգել,  կառավարական լրատուամիջոցներու տնօրէններէն «շատ չպնդել ապահովութեան ուժերու զոհերու մասին լուրերու մասին` չբարոյալքելու համար հանրային կարծիքը»: Այդ լրատուամիջոցները չեն խօսիր նաեւ մեռած ոստիկաններու եւ զինուորներու ընտանեկան պարագաներու հակազդեցութեան մասին, քանի որ հիմա այդ մարդիկ բարձրաձայն կ՛ըսեն, որ իրենց զաւակները մեռած են իշխանութեան շահերուն համար եւ ոչ` ազգին:

Հայացուց` Յ. Պ.

 

Նախորդը

Ա. Պապեան. «Ձախից Ալեւիներն Են Հարուածի Տակ Դնում Թուրքիային, Աջից` Իսլամականները»

Յաջորդը

Սա «Գող-Աւազակ» Ապօրինի Գաղթականները…

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.