Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

August 22, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԼՈՒՐԵՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ

ՀԱՅ ՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ
ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ

Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն.-

Քալիֆորնիոյ ինքնաշարժի մրցումներու «թագաւորը» կը նկատուի Յ. Աղաճանեան: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս տարուան մրցումներուն` 30 ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ:

ԵՐԿՈՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու քաղաքներ Հայաստան կը կոչուին, մին հիւսիսային Տաքոթայի մէջ, իսկ միւսը` Ֆլորիտա նահանգներուն մէջ:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Զարեհ Ա.ի հրահանգով Ամերիկայի բոլոր Կիլիկիոյ թեմի եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ օգոստոս 6-ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Գարեգին Ս. պատրիարքի վախճանման քառասունքին առիթով:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՄԷՋ

Կալկաթայի մէջ գոյութիւն ունի Հայկական մշակութային ընկերութիւնը, որուն նպատակն է հայ համայնքին մէջ հետաքրքրութիւնը վառ պահել դէպի հայ գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ արուեստը:

Վերջերս այդ միութիւնը կազմակերպած է ցուցահանդէս մը Հայկական ակումբին մէջ:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարած է Կալկաթայի Ասիական ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Ա. Սարտովատին:

Ցուցադրուած են Խ. Հայաստանի գիւղատնտեսական եւ գիտութեան մարզերու յառաջդիմութիւնները:

Բաժին մըն ալ նուիրուած է հայ արուեստի, պատմութեան, հայկական սովորութիւններու եւ տարբեր շրջաններու պատկանող իրերու:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԳ ՈՒ ՊԱՐԻ ՑԵՐԵԿՈՅԹ
ԶԱՀԼԷԻ ՄԷՋ

Բարձր հովանաւորութեամբ Պեքաայի նահանգապետ Նասրի պէկ Սալհապի, Զահլէի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի «Քնար» երգ ու պարի խումբը, ղեկավարութեամբ տոքթ. Վ. Աբրահամեանի Պէյրութէն դուրս իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Զահլէի «Օփերա» շարժանկարի սրահին մէջ, որուն բեմը յատկապէս ընդարձակուած էր պարփակել կարենալու համար 80 հոգինոց խումբը:

Ցերեկոյթը տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 օգոստոս 1961, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին խուռներամ հանդիսականներու ներկայութեամբ: Յայտագիրը կազմուած էր 22 երգ ու պարէ բաղկացած նախորդ ելոյթներուն գնահատուած կտորներէն, որոնք միջնարարի փոքր դադարով մը անընդհատ շարունակուեցան առանց ընդմիջումի յայտագրի առաջին եւ երկրորդ մասերու գործադրութեան ընթացքին:

Միջնարարի ընթացքին նահանգապետ Նասրի պէյ Սալհապի ներկայացուցիչ Զահլէի գաւառապետը, որ ընկերակցութեամբ տասնեակ մը պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններու յայտագրի սկիզբէն մինչեւ վերջ ներկայ գտնուեցաւ, կարդաց գրաւոր ճառ մը:

«Լիբանան համայնքներու հայրենիքն է, հայ համայնքն ալ կը կազմէ անոր բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը: Ամէն մարզի մէջ Լիբանանի բարգաւաճումին մասնակից եղած են հայ համայնքի անդամները մասնաւորաբար առեւտրական, ճարտարարուեստական եւ մշակութային գետնի մեծ եղած է հայոց ծառայութիւնը ազատութեանց հայրենիք գեղեցիկ Լիբանանին»:

Ապա շնորհաւորեց խումբը` իր բացառիկ յաջողութեան համար:

Սոյն ցերեկոյթի ընթացքին մենապարի իրենց կարողութիւնը յայտնաբերեցին շնորհալի երկու օրիորդներ` Աղաւնի Վարժապետեան եւ Արմիկ Խանճեան:

Ցերեկոյթէն վերջ հայ կաթողիկէներու Պաթանեան սրահին մէջ խումբը ճաշի հիւրը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Զահլէի մասնաճիւղի ժրաջան վարչութեան, որուն անդամները անձամբ սպասարկեցին սեղանին` ցոյց տալով հայ մշակոյթին հանդէպ ծառայասիրութեան իրենց ազնիւ ոգին:

Կ. Խ.

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

ԳՈՅՆ ԵՒ ԲՈՅՐ. ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԲՈՅՐԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.