Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Ընդվզումը Կը Շարունակուի Երկուստեք Պատասխանատուութիւն` Ճիշդ Կողմնացոյցով

August 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Այն ինչ որ կատարուեցաւ Պէյրութի հրապարակներուն վրայ անցնող օրերուն, ցոյց կու տայ ժողովրդային ընդվզումի բարձրագոյն մակարդակ եւ այդ ընդվզումը բարձրաձայնելու վճռակամութիւն: Ու այս պոռթկումը պիտի շարունակուի այսօր եւ յառաջիկայ օրերուն:

Տասնամեակներ շարունակ շահամոլ քաղաքական «հեղինակութիւններու» մեքենայութեանց կամայ թէ ակամայ ենթարկուող քաղաքացին այս անգամ, աղբերու գայթակղութեան բեմադրութենէն դժգոհ` հրապարակ իջաւ իր «ո՛չ»-ը ըսելու տեւաբար զինք կենցաղային, տնտեսական, քաղաքական եւ համայնքային շահագործումի ենթարկող քաղաքական դասակարգին դէմ, որ ցարդ ո՛չ պետութիւն, ո՛չ հայրենիք եւ ո՛չ ալ քաղաքացիի տիպար յաջողեցաւ ստեղծել:

Ցուցարարները տարբեր պահանջներ ունին: Պարզապէս աղբերու վերացման պահանջէն մինչեւ կենսոլորտի եւ ներքին գործոց նախարարներու հրաժարական, կառավարութեան թէ խորհրդարանի հրաժարում, նախագահի ընտրութիւն ու դեռ` ամբողջ վարչաձեւի անկում կարգախօսներ են, որոնք կրկնուեցան ու պիտի շարունակուին կրկնուիլ, այնքան ատեն որ իշխանութիւնները չեն կրնար ականջ դնել ժողովուրդին պահանջներուն:

Կատարուող ցոյցերուն զսպումի պատասխանը անհամաչափ եղաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Քանի մը հարիւր երիտասարդներ արժանի չէին նման կարծր հակադարձութեան, երկրի մը մէջ, ուր արտայայտուելու, կարծիքի եւ ցոյցի ազատութիւնը սահմանադրութեամբ պաշտպանուած ժողովրդավարական «սրբութիւններ» են:

Ու պատահեցաւ ա՛յն, որ հակադարձութիւնը հրաւիրեց յաւելեալ կարծրութիւն ու պատճառ դարձաւ նաեւ` խուլիկանային արարքներու:

Ու յանկարծ, ցարդ անծանօթ պատասխանատուի մը խելապատիկէն ծնաւ ցուցարարներուն դիմաց պատ բարձրացնել, որպէսզի ապահովուի վարչապետարանը: Անվարան ըսենք` ժողովուրդին եւ կառավարութեան միջեւ որեւէ բարձրացուող պատ, ամօթի պատ կարելի է կոչել պարզապէս: Ու դեռ` այլ պատասխանատուներ յանդգնեցան Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակները յայտարարել ապահովութեան գօտի ու արգիլել ցոյցերու կայացումը:

Այս բոլորին ի տես, արեւմտեան պետութիւններուն դեսպանատուները ժողովրդավարութեան յարգումի ու միաժամանակ զգուշութեան հրաւէրներ ուղղեցին պետութեան` փորձելով «արաբական գարուն»-ի մէկ տարբերակ մը տեսնել լիբանանեան եռանգապնակին մէջ:

Թէ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուող տագնապներու պալարը կրնա՞յ պայթիլ, բնականաբա՛ր:

Թէ երկրի իշխանաւորներուն մէջ մե՞ծ է թիւը փտածութեան խորհրդանիշերուն, շահադիտական մօտեցումներով անձերու, շահագործող դէմքերու, անկասկա՛ծ:

Թէ իր օրապահիկը հազիւ վաստկող քաղաքացիին համար այլեւս իմաստ չե՞ն ներկայացներ խոստումները, ծառերը, հանդարտեցման թէ դատապարտման կեցուածքները, անտարա՛կոյս:

Աշխատավարձերու յաւելման ու վարձքերու օրինագիծերը կը շարունակեն քաշքշուիլ խորհրդարանի դարակներուն մէջ եկամուտի բացակայութեան պատճառով, ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ քաղաքացին ինքն է բազմամիլիառ պարտքերու կուտակման ու զանոնք վերացնելու պատասխանատուն:

Ու շարքը կարելի է երկարել: Մեծ ճիգի կարիք չկայ այլեւս լիբանանեան իշխանութիւններուն պատռտած պատմուճանը կարկտելու անկարելիութեան մասին արձանագրելու:

Ու դեռ չենք խօսիր աւելի մեծ հարցերու մասին: Ապահովական կացութիւն, քաղաքական անել, սուրիացի տեղափոխուածներու թէ պաղեստինցի գաղթականներու հարց, սահմանային անվտանգութիւն, իսլամական հաւատադրժողականութեան սպառնալիքներ, շրջանի աշխարհագրական նոր բաժանում ու դեռ այլ տագնապներ:

Մեր խնդիրը այսօր կը կայանայ փոքր քայլերով, յստակ պահանջներով նպատակներ հետապնդելու մէջ:

Քաղաքական մեծ տագնապները լուծելի չեն այսօր տակաւին:

Տնտեսական տագնապը կարելի է սահմանափակել, բայց ցարդ զայն լուծելու հեռանկար գոյութիւն չունի:

Ո՛չ նախագահի ընտրութիւնը կարելի է եւ ո՛չ ալ կառավարութեան հրաժարականը: Ներկայ հանգրուանին պարտաւոր ենք ընդունելու նոյնիսկ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, ինչքան ալ ոչ ժողովրդավար կամ անընդունելի ըլլայ:

Հիմնականը` ամէնօրեայ պահանջներու տրամաբանական լուծումներու որոնումն է:

Հիմնականը` փոքր քայլերով ճիշդ թիրախաւորումն է:

Հիմնականը` օտար եւ դաւադիր ձեռքերու պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու առիթ չտալն է:

Ժողովուրդ-պետութիւն վստահութեան կամուրջի վերահաստատումն է կարեւորը:

Շահագործող իշխանաւորներու ախորժակներուն նուազեցումն է կարեւորը:

Ժողովրդային շարժումները պէտք է շարունակուին անկասկած: Յստակ, նպատակաուղղուած պահանջներով:

Ու կառավարութիւնն ու ուժական կառոյցները պարտաւոր են պաշտպանել ժողովուրդը եւ ոչ թէ պատ քաշեն անոր դիմաց կամ պաշտպանութեան քողին տակ հարուածեն զայն:

Պէտք է վար իջնել մեծախօսական պոռոտաբանութենէն: Ղեկավարութեան լաւագոյն ոճը համեստութեամբ հասկացողութիւնն է:

Իսկ փոխելու, փոփոխութիւն յառաջացնելու, բարեկարգելու լաւագոյն միջոցը յստակ, շարունակական, յարատեւ պահանջատիրութիւնն է, անընկճելի կամքով:

Այս օրերուն, կողմնացոյցը ճի՛շտ ուղղութեամբ պէտք է բռնել: Սխալները կարելի չէ սխալներով սրբագրել:

Ցուցարար զանգուածները պէտք չէ սխալին:

Իսկ ապահովական կառոյցները իրենց զսպուածութեամբ պարտին պաշտպանել ժողովուրդը:

Երկուստեք պատասխանատուութիւնը, ժողովուրդ եւ իշխանութիւն, կրնայ ապահովել ներկայ հանգրուանի անվտանգ անցումը:

 

 

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Մուսալեռցի Նշանաւոր Գրող Եդուարդ Պօյաճեանի Վերանորոգուած Դամբարանի Բացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.