
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Պեթանուճէ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Պահչեսարայ գաւառին մէջ 1400 մեթր բարձրութեան վրայ լերան մէջ կառուցուած հայկական Ս. Գէորգ վանքը, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք թալանուելէ եւ լքուելէ ետք կը սպասէ վերանորոգման եւ վերաբացման:
Հակառակ ցեղասպանութենէն անցած հարիւր տարիներուն, վանքը կը պահպանէ իր նախկին շքեղութիւնը: Լերան քարանձաւին մէջ կառուցուած վանքը կարեւոր ճարտարապետական արժէք կը ներկայացնէ: Աղրով լերան հարաւային լանջին վրայ գտնուող վանքը յայտնի է նաեւ Պտղեվանք անունով: Վանքի կառուցման ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ: Կ’ենթադրուի, որ կառուցուած է Արծրունիներու թագաւորութեան ժամանակ:
Բրիտանական թանգարանին մէջ գտնուող 1317 թուականի ձեռագիրի մը համաձայն, Ս. Գէորգ վանքը 14-րդ դարուն եղած է Վասպուրականի կարեւոր կրթական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկը:
Հակառակ գանձ փնտռողներու կողմէ թալանուելուն եւ մասնակի աւերումներուն, տեղւոյն բնակչութիւնը կ’ուզէ, որ տակաւին կանգուն եղող վանքը վերանորոգուի եւ քրիստոնեաներուն համար վերաբացուի իբրեւ աղօթավայր:
Քրտական Դեմոկրատական շրջանային կուսակցութենէն Պահչեսարայի քաղաքային խորհուրդի անդամ Էհտեմիր Էլպիր կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը թալանուած եւ աւերուած են թէ՛ իշխող վարչակարգին, թէ՛ ալ գանձ փնտռողներու կողմէ:
«Այստեղ գտնուող եկեղեցիներն ու վանքերը շատ կարեւոր են եւ կը հանդիսանան շրջանի հարստութիւնը: Կրօնական տեսակէտէ անոնք բոլորը սրբավայրեր են, որոնց վերականգնումն ու պահպանութիւնը բոլորիս պարտականութիւնն է: Մենք կոչ կ’ուղղենք թրքական պետութեան ու քրիստոնեայ համայնքին վերականգնելու վանքը, զայն դարձեալ բերելու իր նախկին շքեղ տեսքին եւ վերաբանալու իբրեւ քրիստոնէական աղօթատեղի», ըսած է Էլպիր:


