Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՍԱՏԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

August 20, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոնսթանթին Քոսաչեւ

Ռուսիա երէկ մերժեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաժարականը պահանջող արեւմտեան պետութիւններու կոչերը:

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած է, թէ «այդպիսի կոչերուն չենք զօրակցիր, եւ կը կարծենք, որ նախագահ Ասատի վարչակարգին պէտք է առիթ ընծայել իր յայտարարած բարեփոխումները իրագործելու»:

Ռուսական Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ իր կարգին յայտնեց, որ պէտք է նախագահ Ասատին անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարելու բաւարար ժամանակ տրուի` աւելցնելով, որ «Ուաշինկթընի եւ Արեւմուտքի` նախագահ Ասատէն իշխանութենէն հեռանալ պահանջելը կանխահաս է»:

Քոսաչեւ համոզում յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կրնայ ճիշդ ուղի վերադառնալ, սակայն նաեւ նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահը ուշ կամ կանուխ պիտի հեռանայ. նոյնիսկ եթէ բարեփոխումները գործադրուին, Ասատ այլեւս քաղաքական ապագայ չունի»:

Սպանիա երէկ միացաւ Դամասկոսի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի «աւելի խիստ» որոշում մը հրապարակելու Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Փորթուգալի կոչերուն` քննադատելով ցուցարարներուն դէմ կիրարկուող «բիրտ ճնշումը»:

Սպանիոյ ելեւմուտքի նախարար Էլենա Սալկատօ սպանական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Սպանիա իր ձայնը կը միացնէ այդ կոչերուն, եւ կը յուսանք Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնել նոր որոշում մը, որ կրնայ միջազգային աւելի ուժեղ համախոհութիւն յառաջացնել»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հինգշաբթի օր Ասատէն պահանջած էր «իշխանութենէն հեռանալ» եւ Դամասկոսի վրայ նոր եւ աւելի խիստ պատժամիջոցներ հաստատած էր: Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա իրենց կարգին միացեալ յայտարարութեամբ մը Ասատէն պահանջած էին «իշխանութենէն հեռանալ»: Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ Եւրոպական Միութիւնը:

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ՕԴՈՒԺԻ ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐԸ 2-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔԱԿ-Ի ԴԻՐՔԵՐ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՆ

Յաջորդը

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀՀՇ-ԷՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.