Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վարչապետը Ոտնձգութիւններ Կը Գործէ Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւասութիւններուն Դէմ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

August 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1440516901_

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը:

Նիստէն ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ աղբերուն գծով լիբանանցիներուն վկայած այսօրուան տագնապը հետեւանք է հինգ տարիէ ի վեր իրենց պահանջներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին:

«Մենք շատ ուրախ ենք, որ լիբանանցիներուն մեծ մասը կը հակազդէ այսօրուան իրավիճակին, սակայն եթէ մենք եւ ժողովուրդը 2010-էն սկսած ըլլայինք շարժումը եւ յաւելեալ պահանջներով ներկայացած ըլլային, շատ աւելի օգտակար կ՛ըլլար, որովհետեւ ներկայիս արդէն կացութիւնը քաղաքականացած է», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք տեղեակ էին, որ աղբանոց մը կայ, որ պիտի փակուի, սակայն զարմացած են այն լուծումէն, որ Աքքարին 100 միլիոն տոլար տրամադրուի եւ այդ գումարը իբրեւ կաշառք օգտագործուի` Աքքարի մէջ նոր աղբանոց մը բանալու նպատակով, «հետեւաբար ո՛չ կատարուած նուազուրդի արդիւնքները ընդունելի են եւ ո՛չ ալ ժամանակաւոր նկատուող այս լուծումը: Մենք պէտք է բոլոր շրջաններուն օգտակար հանդիսանանք` գործնական լուծումներ գտնելու եւ կենսոլորտը վտանգելու արարքներէն հեռու մնալով համոզիչ քայլեր առնելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան վայել չէ ժողովուրդին հետ վարուիլ իբրեւ անմիտներու հաւաքածոյ եւ զանոնք բիրտ ուժի ենթարկել:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենք մերժած են այդ լուծումն ու վարուելակերպը եւ լքած կառավարութեան նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան նուազուրդի գայթակղեցնող թիւերը: «Մենք «Սուքլին» ընկերութեան թիւերը սուղ կը նկատէինք, իսկ նուազուրդի գիները տեսնելով աւելի եւս զարմացանք, որովհետեւ անոնք շատ աւելի բարձր էին», ըսաւ ան` հերքելով այդ նուազուրդին հետ իրեն վերագրուող որեւէ կապ:

«Փտածութեան դէմ պայքարողը եւ փտածութեան վերջ տալու պահանջով գործողը կարելի չէ փտածութիւնը քաջալերողին նժարին վրայ զետեղել: Մենք պիտի ուղղուինք դէպի հրապարակները, իսկ ազատութիւն, գերիշխանութիւն եւ անկախութիւն կարգախօսը մէկ վայրկեանի ընթացքին կարելի չէ իւրացնել: Աղբերու տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ գործնական եւ անոր գումարները պէտք է յատկացուին քաղաքապետարաններուն», ըսաւ Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններ կը գործէ, իսկ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները նախարարներուն մօտ կը գտնուին: Համախոհութիւնը սահմանադրական առաջադրանք է եւ վարչապետ Սալամի կամ նախարարներուն ընտրանքը չէ», ըսաւ ան:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Այն Հելուէի Գաղթակայանը Կը Շարունակէ Մնալ Անկայուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.