Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օճալան. «Էրտողան Կրնայ Արժանանալ Քազզաֆիի Ճակատագիրին»

August 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտիւլլա Օճալան
Ապտիւլլա Օճալան

Թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Իմրալի բանտին մէջ ցկեանս ազատազրկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ կացութեան վերահսկողութենէն դուրս գալու պարագային, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրնայ արժանանալ Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիի ճակատագիրին:

Անոր այս յայտարարութիւնը քրտական Ժողովրդավարական շրջանային կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին ներկաներուն փոխանցած է նշեալ կուսակցութեան նախագահ Հաթիփ Տիճլէ:

Նշելով, որ Էրտողան քիւրտերուն դէմ պատերազմ սկսած է քիւրտ ժողովուրդի ձեռքբերումները ջնջելու համար, Տիճլէ ըսած է. «Օճալանի հետ վերջին հանդիպումին ընթացքին ան ըսաւ, որ թուրքերը պէտք չէ ոգեւորուին իրենց բանակով, որովհետեւ անիկա ՕԹԱՆ-ի բանակ է, եւ եթէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը դուրս գայ վերահսկողութենէ, ապա Էրտողանի եւ անոր իշխանութեան վերջը պիտի ըլլայ ոչ թէ նախկին նախագահներ Էօզալի թունաւորման, կամ Մենտերեսի յեղաշրջման նման, այլ անոնք պիտի արժանանան Քազզաֆիի ճակատագիրին»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ կառավարման նախագահական համակարգ ստեղծելու Էրտողանի յամառ գործողութիւններուն` Տիճլէ նշած է, որ անոր ցանկութիւնը Թուրքիոյ մէջ օսմանեան շրջանի բռնապետութիւն ստեղծելն է, ինչ որ քիւրտ ժողովուրդը պիտի չարտօնէ: «Ժողովրդավարական շրջանային կուսակցութիւնը եւ Քիւրտիստանը ուս-ուսի տուած պիտի պայքարին ատոր դէմ», ընդգծած է քիւրտ կուսակցապետը:

Նախորդը

Ըստ «Ճումհուրիյէթ»-ի. Օպամա Չէ Ուզած Հանդիպում Ունենալ Էրտողանի Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.