ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչպէս լաւատես չէք ըլլար, երբ կեանքը կը ժպտի ձեզի: Ձեր վրայ վստահութիւն ունեցէք եւ ամէն ինչ յաջող պիտի ընթանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խստապահանջ էք, ինչ որ ձեզ կրնայ հեռացնել ձեր շրջապատէն: Աւելի ճկուն եւ փափկանկատ եղէք, որպէսզի շրջանակի մէջ դժուարութեան չմատնուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկար օրերէ ի վեր ձեր տնային գործերը մէկդի դրած էք. այսօր առիթն է, որ ընէք այդ բոլորը, որպէսզի գոհունակութիւն ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Վերջերս հեռացած էք ձեր ընտանիքէն եւ բարեկամներէն. միացէք անոնց, որպէսզի կարենաք ձեր հաւասարակշռութիւնը գտնել եւ ազատ շունչ առնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ երազկոտ եւ կարօտաբաղձ մի ըլլաք. յառաջանալու համար պէտք է կեդրոնանալ իրականութեան վրայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործերով բեռնաւորուած էք. քանի մը օր գիւղ ելլելը եւ առանձին հանգստանալը մեծապէս պիտի կազդուրէ ձեզ. ձեր գործերը քիչ մը դանդաղեցուցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործերու մէջ մխրճուած էք եւ դժուարութեամբ կ՛աշխատիք: Պզտիկ եւ պարզ հաճոյքները ոսկի կ՛արժեն: Ուրեմն ձեր հանգիստին մասին մտածեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս ամառ ճիշդ ձեր ուզածին պէս պիտի ընթանայ. վայելեցէք իւրաքանչիւր վայրկեան, քանի որ վերամուտին բաւական դժուար գործեր կը սպասեն ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան հին պատմութիւնները մէկ կողմ դրէք եւ լաւ տրամադրութեամբ նոր կապեր հաստատեցէք: Ընտանիքը միշտ իր տեղն ու արժէքը ունի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս օրը պիտի յատկացնէք ձեր սիրած հաճոյքներուն. նաեւ պիտի հաստատէք նոր բարեկամութիւններ, որոնք մնայուն պիտի ըլլան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր գիտութիւնը փոխանցեցէք ձեզմէ աւելի երիտասարդներուն, որոնք իրենց ասպարէզին մէջ միշտ շնորհական պիտի ըլլան ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Միշտ պատրաստ էք օգնելու ուրիշներուն. ձեր այս բնաւորութիւնը ձեզի գոհունակութիւն ալ կու տայ: Ձեր շուրջինները երախտագէտ պիտի գտնուին:
