Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Կը Զգուշանայ Իսլամացած Հայեր Մկրտելէ` Երկու Հիմնական Պատճառով

August 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

gom_8-20-15

News.am կը հաղորդէ, որ վերջին հանգրուանին Հայաստանի մէջ իսլամացած հայերու մկրտութեան հարցին վերաբերող թեր ու դէմ բազմաթիւ կարծիքներ արտայայտուեցան եւ կեցուածքներ դրսեւորուեցան: Իւրաքանչիւր կողմ առաջադրեց իր տեսակէտն ու մօտեցումները: Այս հարցին առնչութեամբ 20 օգոստոսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Կոմիտաս վրդ. Յովնանեան յայտնած է, որ իսլամացած հայերը Հայ առաքելական եկեղեցին չի մկրտեր 2 կարեւոր պատճառով` անոնցմէ շատեր մկրտութեան վկայական ստանալէ ետք կ՛երթան Եւրոպա ու կը շարունակեն մզկիթ երթալ, նաեւ կայ մտավախութիւն, որ անոնք թրքական յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ գործուղուած մարդիկ ըլլան եւ միջամուխ ըլլան համայնքին հարցերուն:

«80-ականներուն մենք կ՛ըսէինք` եթէ հայ է, ինչո՞ւ չմկրտենք, ինչո՞ւ անոր օգտակար չըլլանք, բայց տեսանք, որ մկրտուողներուն մեծամասնութիւնը ոչ թէ քրտախօս հայեր են, այլ քիւրտեր են», ըսած է Կոմիտաս վարդապետ` աւելցնելով, որ անոնցմէ շատեր իրենց մկրտութեան վկայականը կ՛օգտագործեն եւրոպական երկիրներ երթալու, իբրեւ հայ քրիստոնեայ կեցութեան արտօնութիւն առնելու, սակայն անկէ ետք մզկիթ կը շարունակեն յաճախել:

Կոմիտաս վարդապետ նշած է, որ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ իսլամացած հայերը մկրտելու համար անհրաժեշտ է վստահ ըլլալ, որ անոնք հայ են ու այլ նպատակներ չեն հետապնդեր:

Անոր համաձայն, Պոլսոյ համայնքի անվտանգութեան ու պահպանութեան հարցը նոյնպէս առնչուած է այս հարցին, քանի որ` ձեւանալով իբրեւ բռնի իսլամացած հայերու ժառանգորդներ, թրքական յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ գործուղուած մարդիկ կրնան խառնուիլ համայնքին գործերուն, որուն նախադէպերը, ըստ անոր, եղած են:

«Մկրտուիլ ցանկացողը կրօնափոխ ըլլալու դիմում պիտի ներկայացնէ իր համայնքին, որմէ ետք, սորվելով մեր եկեղեցւոյ դաւանանքը, կրնայ  մկրտուիլ: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք թրքական անունով ոեւէ մէկը գայ ու ըսէ, որ կ՛ուզեմ մկրտուիլ եւ մենք առանց անոր մասին տեղեկութիւններու մկրտենք զայն», յայտնած է ան:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Այս Տարուան Առաջին 7 Ամիսներուն Աճած Է 4,2 Առ Հարիւրով

Յաջորդը

Շարմազանով Վստահեցուցած Է. Մարզահամերգային Համալիրին Մէջ Քազինօ Պիտի Չկառուցուի

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.