Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժպրան Պասիլ` Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Նախագահի Գլխաւոր Թեկնածու

August 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալեն Աուն
Ալեն Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում խորհրդարանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց  Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան զանազան միաւորներու պատասխանատուներու միացեալ ժողովին, ուր յետ կարծիքներու փոխանակման, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ համախոհութեամբ որոշուեցաւ իբրեւ կուսակցութեան յառաջիկայ նախագահի գլխաւոր թեկնածու:

Նախապէս այս գծով տիրող տպաւորութիւնը այն էր, թէ Պասիլի կողքին գլխաւոր մրցակից-թեկնածու էր երեսփոխան Ալեն Աուն, սակայն երէկուան խորհրդակցութեանց եւ թելադրանքներուն լոյսին տակ վերջինս յետս կոչած է իր թեկնածութիւնը: Այսպիսով, նախագահի թեկնածութիւն առաջադրելու 27 օգոստոսի ժամկէտին գլխաւոր թեկնածու կը նկատուի Ժպրան Պասիլ, որուն ընտրութիւնը գրեթէ ապահովուած կը թուի կուսակցութեան նախագահի ընտրութեան նիստին` 20 սեպտեմբերին: Այս մասին արտայայտուելով` երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այս որոշումը տրուեցաւ ընդառաջելով կուսակցութեան զանազան միաւորներու փափաքին եւ թէ ինք գոհ է արդիւնքէն ու կը քաջալերէ եւ կ՛օրհնէ այս դասաւորումը:

Ան իր կուսակցութեան շարքայիններուն մաղթեց ըլլալ միակամ ու համերաշխ, յատկապէս ներկայ հանգրուանին: «Ես եմ ձեր երաշխիքը դուք ալ եղէք իրարու երաշխիք», ընդգծեց Աուն` շեշտելով, որ ոչ ոքի թեկնածութիւնը չէ արգիլուած:

Ալեն Աուն Կը Յստակացնէ

Իր կարգին, երեսփոխան Ալեն Աուն հաղորդագրութեամբ մը պարզեց իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու խթան հանդիսացած պայմանները: Ան յստակացուց, թէ կուսակցութեան միասնականութեան սպառնացող վտանգը կ՛առաջադրէր շրջանցել ու յաղթահարել ընտրական հանգրուանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն աջակցած ու զօրավիգ կանգնած «ընկերներուն»` թելադրելով, որ անոնք ձեռք-ձեռքի աշխատին վասն կուսակցութեան բարիքին ու ապագային:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարար Ժպրան Պասիլ Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Ընդհանուր Իրավիճակը

Յաջորդը

Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննելով Այժմու Իրավիճակը` Ֆայսալ Քարամէ Այսօր Պիտի Յայտարարէ Իր Կեցուածքը Թրիփոլիի Աղբակոյտերուն Եւ Ելեկտրականութեան Ընդհատման Գծով

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.