Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

August 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Օգոստոս 18-ին վիրահատութեան ենթարկուած է Յովհաննէս սրկ. Գալստեանը, որ Արցախի հիւսիսարեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, օգոստոս 11-ին, ներթափանցումի մը ժամանակ գլուխէն հրազինային գնդակ ստացած էր:

«Մուրացան» Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի պետ Արամ Ասատուրեան յայտնած է. «Հիւանդը վիրահատած ենք, վիճակը բնական է, տեղափոխուած է հիւանդանոցի սովորական սենեակ»:

Զօրամասին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կատարող սարկաւագը վիրաւորուած է ինքնաշարժով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, երբ հակառակորդը կրակած է այդ ուղղութեամբ:

Հոգեւոր Ծառայութիւն

0819injured

Հաց փոխադրող ինքնաշարժով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, Տաւուշի շրջանի սահմանային գօտիին մէջ թշնամիին կրակոցին ենթարկուելով` վիրաւորուած է զօրամասի հոգեւոր ծառայող Յովհաննէս սարկաւագ Գալստեանը:

Հայոց բանակի հոգեւոր կարիքներուն ուշադիր ըլլալու պարտաւորութիւնն ունի հայոց եկեղեցին, եւ այս պարտաւորութեան կատարման համար Ս. Էջմիածինը 1997-ին ստեղծած է Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութիւն (առաջնորդի պաշտօնը այժմ կը վարէ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան):

Մնայուն կերպով պատերազմի վտանգ դիմագրաւող մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանողներուն եւ անոնց թիկունքին, այսինքն` Հայաստանի բնակչութեան մարտական ոգին բարձր պահելու առաքելութեան մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունին հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայողները, որոնք պէտք է իրենց աստուածաբանական գիտելիքներով ու պատրաստութեամբ կարենան չէզոքացնել աղանդաւորներու քայքայիչ գաղափարները, իսկ միւս կողմէ` հաւատքի ու հայրենասիրութեան ոգիով տոգորել հայրենեաց պաշտպաններու սիրտն ու հոգին:

Մարտական դիրքերու վրայ 18-20-ամեայ զինուորներու կողքին կանգնելով` հայ հոգեւորականը կը դառնայ ոչ միայն դաստիարակ ու քարոզիչ, այլ` ուժ ու կորով ներշնչող ներկայութիւն, մանաւանդ եթէ ան կը մարմնաւորէ իրապէ՛ս քաջ հովիւի յատկանիշները, եթէ ան մեր պատմութեան խորերէն եկած Ղեւոնդերէցեան աւանդութեան կրողը ըլլալու փառասիրութիւնն ունի:

Հայրենիքի սահմանները պաշտպանողներու կողքին ըլլալու եւ անոնց հոգեկան ծառայութիւն մատուցելու իր առաքելութեան ճամբուն վրայ Յովհաննէս սարկաւագի վիրաւորուելու դէպքը յիշեցում մըն է մեզի, թէ հայոց բանակին թեւ ու թիկունք դառնալու պարտաւորութիւնը ունինք բոլորս, իւրաքանչիւրս` իր կարողութեան, իր պատրաստուածութեան, իր գիտելիքներուն, իր ունեցած հնարաւորութիւններուն համեմատ:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անգարան… Ճնշումի Տակ

Յաջորդը

Վահանը

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.