Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

August 19, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 50 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մէջ նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարը, որուն գծով սակայն վերջնական որոշում մը չտրուեցաւ:

Եօթը ժամ տեւած նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, լաւագոյն պատասխանն է բոլոր այն յայտարարութիւններուն, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն կառավարութեան գոյութիւնը կամ անոր աշխուժ դերակատարութիւնը:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք լիբանանցիներուն յայտնած իր յանձնառութեան պատասխանատու է

եւ նոյն պատասխանատուութեամբ ալ աշխատանքը պիտի շարունակէ, առանց այս կամ այն խօսքերուն անսալու:

Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը երբեք թուլամորթ պիտի չգտնուի երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու որեւէ փորձի դիմաց, որովհետեւ ապահովութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն համար է, եւ պետութիւնն ու քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւնները պատասխանատու են երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին շրջագիծին մէջ, Միքաթի զգուշացուց Լիբանանը դէպի համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ առաջնորդելու քայլերէն ու դաւադրութիւններէն: «Մեր նպատակն է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը բացայայտել` հեռու քաղաքական բոլոր նպատակներէն», ըսաւ վարչապետը:

Նիստին ընթացքին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Անթիլիասի պայթումը հետեւանք է ձեռնառումբի մը պայթումին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ներկայացնելով կառավարութեան որոշումները յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է պետական գանձարկղի պահեստի գումարներէն 8900 միլիառ լ. ոսկի յատկացնելու տարբեր նախարարութեանց վարչութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել այդ վարչութիւններուն աշխատանքները:

Կառավարութիւնը դատախազ Ղասսան Ռապահը նշանակեց Սահմանադրական խորհուրդի լիիրաւ անդամ, իսկ դատախազ Անթոնի Իսա Խուրին` խորհուրդի յաւելեալ անդամ:

Տաուք յայտնեց, որ Միքաթի հրաւիրած է նախարարները ներկայ գտնուելու յառաջիկայ երկուշաբթի օր վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին, որուն ընթացքին ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մանրամասնութեամբ պիտի ներկայացնէ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու նպատակով իր պատրաստած օրինագիծը:

Տաուք նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պէյթէտտինի պալատին մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԸՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ «ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՄԵՐ ԱՐԻՒՆՆ Է, ԱՌԱՆՑ ԱՆՈՐ ԲՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՊԻՏԻ ՀԻՒԾԻ ՈՒ ԱՆՇՆՉԱՆԱՅ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.