
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի հետ:
Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը հաստատած է, որ Լիբանանի ապահովական անկայունութիւնը կը վնասէ ամբողջ երկրին եւ բոլոր լիբանանցիներուն:
Խազեն դիտել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապին հարցը լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուի:
Խազեն ողջունեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին որդեգրուած որոշումները, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ` երկրին մէջ տիրող տարակարծութիւններուն լուծման նպատակով:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որ նշեց, թէ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած է լիբանանեան ներքին հարցերը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դատական ատեանին ամբաստանագիրին վերաբերող զարգացումները:
Մըրատ ընդգծեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ ամբաստանագիրը արձակելու ժամանակը ուղղակիօրէն առնչուած է շրջանային զարգացումներուն: Ան նկատել տուաւ, որ ամբաստանագիրին նպատակը լիբանանեան իմաստով իրարանցում պատճառելն է, ինչպէս նաեւ ներքին սադրանքներ հրահրելը: Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները անդրադառնան քաղաքականացած այս ատեանին որոշումներուն եւ զգուշանան անոր վտանգներէն:
Մըրատ աւելցուց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ լիբանանցիները յուզող ելեկտրականութեան տագնապին հարցը:


