
ՍԻԼՎԻ
Եթէ հազար սուր ու նիզակ խրեն կողդ,
Ամէն կողմէն հողմեր փչեն հայ ճակատիդ,
Եթէ անգամ թալանեն քեզ ու վաճառեն
Ու ամէն օր կռնակէդ քեզ խոր հարուածեն…
Կը լեռնանաս, դուն կը մնաս անդրդուելի…
Ինչքան ալ շատ ռումբեր տեղան հեռու-մօտիկ,
Թնդանօթներ հողդ ծեծեն, ամէն տեղդ վէրքեր բանան,
Խաղաղ օրդ շաչիւններով թէ պղտորի,
Չես ընկրկիր, դուն մահուան ա՛լ չհաւատաս…
Եթէ անգամ ձագերդ նոր
Ցրիւ ընեն չորս ծագերուն
Կամ զաւակներդ չափահաս
Լքեն տունդ ու հեռանան,
Մի՛ վրդովիր,
Բոլորն ալ քու ջուրէդ խմէր, հողէդ սնէր ու կնքուէր:
Ո՜վ կը մոռնայ իր մանկութեան բակն ու խաղը,
Բարձունքներուդ վարող-ցանող հօր քրտինքը,
Առուներուդ լուացք ընող,
Թոնիր վառող, խուրձեր կապող մօր ձեռքերը…
Դուն հաւատա՛, լոյս են գալու նոր զաւակներ
Բարբառովդ խօսող, երգող
Եւ ուս-ուսի շուրջպար բռնող հայորդիներ,
Գրուելու են դեռ նոր գիրքեր,
Հողդ բարի բերք է տալու շատ աշուններ,
Բոյրը ռուպիդ, թոնրի հացիդ հասնելու են հեռուներ,
Կարմիր գինիդ լեցուելու է բաժակներուդ.
– Գարուններդ հայ ծաղկելու են դեռ շատ օրեր…


