Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարազատ Օմար Շերիֆը

Օգոստոս 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

omar-1_8-15-15Ծնողքս յաճախ կը խօսէր ու կը պատմէր բազմաթիւ դերասան-դերասանուհիներու մասին, սակայն Օմար Շերիֆ անունը տարբեր տպաւորութիւն եւ հմայք ձգած էր մեր պատանեկան հոգիներուն մէջ,  նոյնիսկ անոր նկարը չտեսած: Քլարկ Կէյպըլ, Անթոնի Քուին, Չարլթոն Հէսթոն անունները պարզապէս հասարակ գոյականներ էին կարծես, մինչ Օմար Շերիֆը` յատուկ անուն:

Անբացատրելի համակրանք, մօտիկութիւն`  չտեսած, չճանչցած անձի մը հանդէպ…:

Իսկ երբ ըսին, որ 1932-ին Եգիպտոսի Աղեքսանտրիա քաղաքը ծնած, լիբանանեան կապերով արաբ մըն է, ուրեմն մտածեցի` ան հայերուն աւելի մօտ է, քան աշխարհահռչակ միւս դերասանները, որոնք օտար էին, իսկ Օմար Շերիֆը` հարազատ:

Omar-2_8-15-15Տարօրինակ ջերմ զգացում մը ունեցանք, երբ 1964 թուականին պատրաստուած Անթոնի Մաննի «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» շարժապատկերը կը դիտէինք: Դրուագներէն մէկուն մէջ` ի մեծ ուրախութիւն մեզի, նկատեցինք, որ Հռոմի կայսեր դստեր (Սոֆիա Լորէն) ամուսինը հայոց թագաւորն էր, եւ այդ դերը ստանձնած էր Օմար Շերիֆ:

Omar-3_8-15-15Աւելի ուշ, երբ Կիպրոսի Մելգոնեան դպրոցի աշակերտ էինք, Նիկոսիոյ շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ դիտեցինք Հանրի Վերնոյի (Աշոտ Մալաքեան) բեմադրութեամբ 1971-ին պատրաստուած «The Burglars» (Le Casse) ժապաւէնը, որուն բեմագիրներն էին Հանրի Վերնոյ եւ Վահէ Քաչա: Գլխաւոր հերոսը (Ժան Փոլ Պելմոնտօ) Ազատ անունով հայ մաքսանենգ մըն է:  Շարժապատկերին մէջ կը խօսուի այդ անուան իմաստին եւ հայկական  ուտեստեղէնի մասին, իսկ առանցքային նշանակութիւն ունեցող նաւը կը կոչուի «Արաքս»: Ի վերայ այսր ամենայնի, յոյն ոստիկանին դերը ստանձնած է… Օմար Շերիֆ: Շարժապատկերը նկարահանուած է 1971 թուականին Յունաստանի մէջ, ուր հայկական միութիւններու կազմակերպած ճաշկերոյթին ներկայ եղած են Օմար Շերիֆ, Հանրի Վերնոյ, Ժան Փոլ Պելմոնտօ եւ ուրիշներ:

Ուրեմն շատ ալ տարօրինակ չէր, որ այս անձնաւորութիւնը հարազատ կը թուէր մեզի:

Omar-4_8-15-15Շուրջ քսանամեակ մը ետք, հայերուն բարեկամը կրկին միացաւ իր հայ բարեկամին` Հանրի Վերնոյին` կարեւոր դեր ստանձնելով «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ: Ասիկա, սակայն, եթէ մեզ ուրախացուց, յստակօրէն զայրացուց թրքական իշխանութիւնները, որոնք արգիլեցին Օմար Շերիֆին մուտքը Թուրքիա:

Հարազատի զգացողութիւնը աւելի խորացաւ մէջս: Պարզ դերասանէ մը շատ աւելին թուեցաւ ինծի: Խորաթափանց, հայու տխուր աչքերով մարդ մը, «պապա» մարդ մը, որ կարծես մեր ընտանեկան բարեկամն է, հայու բարեկամը ըլլալուն  համար: Եւ ճիշդ ատոր համար ալ թուրքերուն կողմէ մերժուած:

Omar-5_8-15-15Առաւել` արեւելեան բնական ջերմութիւն մը, արեւմտեան քիչ մը պաղարիւն աստղահոյլերուն մէջ, Օմար Շերիֆին նոյնիսկ յառաջացած տարիքին  կու տար ռոմանթիկ հմայք մը, որմէ զուրկ են նոյնիսկ իր կէս տարիքը ունեցող դերասաններէն շատեր: Վիպական մթնոլորտ մը կը ստեղծէր նախ այն, որ արաբական պաստառի տիկինը` Ֆաթէն Համաման եղած էր իր առաջին կինը (1955-1974), որմէ բարեկամաբար բաժնուելէն ետք Օմար Շերիֆ չէ ամուսնացած եւ ըսած է. «Ֆաթէն Համաման իսկական եւ միակ սէրս կը մնայ»:

Omar-6_8-15-1521-րդ դարու համաշխարհային հրատապ տագնապներուն անդրադարձող, եւ վերջին տարիներուն պատրաստուած եգիպտական երկու ժապաւէններու` «Հասան եւ Մարքոս»-ի եւ  «Պրն. Իպրահիմ»-ի  մէջ գլխաւոր դերեր ստանձնած Օմար Շերիֆ, այս մասին ըսած է. «Այս ժամանակներուն, երբ մենք կ՛ապրինք ամէն տեղ տարածուած հակամարտութիւններուն մէջ, ես մտածեցի, որ լաւ պիտի ըլլայ պատրաստել պզտիկ ժապաւէն մը, որուն մէջ հանդուրժողականութիւն ըլլայ, եւ ըսենք, որ մենք կրնանք միասին ապրիլ եւ զիրար սիրել` անկախ մեր ազգային եւ կրօնական պատկանելիութենէն»:

Օմար Շերիֆ մահացաւ Գահիրէի մէջ, 10 յուլիս 2015-ին: Շարժապատկերի աշխարհը կորսնցուց իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը եւ դերասան մը, արաբները կորսնցուցին միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ սիրուած իրենց հազուագիւտ ազգակիցներէն մէկը, իսկ հայ ժողովուրդը կորսնցուց անկեղծ բարեկամ մը, որուն նմաններուն այսօր այնքան կարիք ունինք:

 

 

 

Նախորդը

Օմար Շերիֆի Մասին

Յաջորդը

Քեսապ

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In