Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեսարիոյ Մշակութային Ժառանգութիւնը

August 7, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

kayseri_8-07-15

«ԱԿՕՍ»

«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի Մշակութային ժառանգութեան նախագիծը կը շարունակուի 2014-ի սկիզբէն ի վեր: Այս տարի նորոգուած ծրագիրով մը իր գործունէութիւնը շարունակող նախագիծը յունիս ամսուան ընթացքին կատարած է այց մը Կեսարիոյ նահանգ, որուն նպատակն էր տեղւոյն վրայ սերտել, տեղագրել ու լուսանկարել յունական եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի Մշակութային ժառանգութեան նախագիծը կը շարունակուի 2014-ի սկիզբէն ի վեր: Այս տարի նորոգուած ծրագիրով մը իր գործունէութիւնը շարունակող նախագիծը յունիս ամսուան ընթացքին կատարած է այց մը Կեսարիոյ նահանգ, որուն նպատակն էր տեղւոյն վրայ սերտել, տեղագրել ու լուսանկարել յունական եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

Նախագիծը կը միտի ցանկագրել ու քարտէսագրել ոչ իսլամ ժողովուրդներուն պատկանող մշակութային ժառանգութիւնը` կեդրոնանալով յոյներու, հրէաներու, ասորիներու եւ հայերու կառուցած մշակութային ժառանգութեան վրայ: Ցանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն` եկեղեցիներ, վանքեր, մատուռներ, դպրոցներ, որբանոցներ, գերեզմանատուներ եւ այլ հանրային բնոյթ կրող կառոյցներ:

Նախագիծը կ՛ընդգրէ ցանկագրման աշխատանք համայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին, ուր արդէն իսկ հազարաւոր միաւոր ի մի բերուած են, զանազան սկզբնական աղբիւրներու` պատրիարքական ցանկերու, հայրենակցական յուշամատեաններու, օսմանեան արխիւներու, եկեղեցական տոմարներու, եւ երկրորդական աղբիւրներու վրայ հիմնուելով: Կեսարիոյ պարագային ցանկագրումը եւ քարտէսագրութիւնը կ՛ամբողջանայ դաշտային սերտողութէամբ, որուն ընթացքին կը համեմատուին աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկութիւնները գետնի վրայ իրականութեան հետ: Նպատակն է համեմատել, թէ հարիւրաւոր հանրային կառոյցներէն այժմ որքա՞նն է որ կանգուն է, որքա՞նը կը բանի այլ նպատակներով, որքա՞նը անյայտ կորած է եւ որո՞նց վերաբերեալ կարելի է փրկելու աշխատանք տանիլ:

Կեսարիոյ դաշտային աշխատանքը բաղկացած էր երկու հանգրուանէ: Առաջինը Մշակութային ժառանգութեան նախագիծի աշխատակիցներուն կողմէ ինը օրերու վրայ երկարող արագ այցելութիւններն էին կառոյցներուն հաւանական վայրերը` նախագիծի ցանկերուն վրայ հիմնուած: Առաջին հանգրուանը սահմանափակուած էր նախնական սերտողութեամբ, տեղագրութեամբ եւ լուսանկարելով` նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ ամբողջական հետախուզական աշխատանք տանիլ: Երկրորդ հանգրուանը հիմնուած էր առաջին հանգրուանին վրայ, որուն ընթացքին առաջին հանգրուանին յայտնաբերուած մշակութային ժառանգութեան կառոյցներէն ընտրանի մը կազմուելով` մասնագէտներու խումբ մը կը տանի աւելի համապարփակ սերտողութիւն կառոյցներուն վերաբերեալ: Երկրորդ հանգրուանին համար «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ը կը համագործակցի Մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կազմակերպութեան հետ (KMKD):

Կեսարիոյ աշխատանքին վերաբերեալ պիտի հրատարակուի տեղեկագիր մը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն դաշտային աշխատանքի արդիւնքները եւ մասնագէտներու խումբին կողմէ պատրաստուած կորուստի ու վտանգի հաւանականութեան գնահատումը: Հինգ կառոյցի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տեղ պիտի գտնեն, ի միտի ունենալով քարոզչական եւ պաշտպանողական աշխատանք տանիլ, տեղեկագիրը հասցնելով պատկան մարմիններու:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ակօս»-ի, Պոլսահայութիւնը Անտարբեր Է «Արմէն» Ճամբարի Հարցով

Յաջորդը

«Ակունք»-ի Հարցազրոյցը Կրանատայում Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեայ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէսի Կազմակերպիչ Գոհար Վահանեանի Հետ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.